Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/753

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Ա. Չօպանեան. Պատրիարքարանը կրնայ Զօրավար Անդրանիկի դիմել եւ պահանջել, որ իր կատարած հանգանակութենէն մաս մը տայ Ստանայի հիւանդանոցին համար:

Ամեն. Դուրեան Արքեպ. Այդ տեսակ յարաբերութիւններ դժուար է ընել:

Պ. Ն. Տէր-Ստեփանեան. Եթէ Պատուիրակութիւնը միլիոններ ալ ունենար իր տրամադրութեան տակ, ես դարձեալ պիտի պահանջէի, որ այս գործը առնուեր իրմէ եւ տրուեր ուրիշ մարմնի մը: Մինչեւ այսօր կատարեալ անիշխանութիւն մը տիրեր է թէ՝ այստեղ Բժշկական Յանձնախումբին, եւ թէ՛ Կիլիկիա Առաքելութեան մէջ: Եթէ մէկուն ու միտին գործունէութիւնը աչքի առջեւ բերենք, պիտի տեսնենք, որ եղածը կատարեալ խայտառակութիւն մըն է:

Պ. Վ. Թէքէեան. Եւ արդէն Կիլիկիոյ մէջ Առաքելութեան անդամները իրարու գլուխ պատռեր են եւ տեղի տոլեր են այն տեսակ ամօթալի դէպքերու, զորս դժուար է պատմել:

Պ. Ն. Տէր-Ստեփանեան. Իսկ այստեղ Տոքթ. Նեւրուզ մինակը վարեր է Յանծնախումբը, բռներ առանց վկայականի մարդիկ ղրկեր է հոն, ինչպէս կըսոփ, կարգադրութիւններ ըրեր է միշտ մինակը, եւ Պատուիրակութեան ըսեր է, թէ Յանծնախումբը որոշեց, Յանծնախումբը ղրկեց: Այս անիշխանութեան պէտք է վերջ տալ, որովհետեւ այլեւս ամօթ մըն է անոր շարունակուիլը: Մանաւանդ, որ Տոքթ. Նեւրուզը դուք հլուօրէն, առանց համոզումի, Պատուիրակութեան անդամ ընտրեցիք, երբ Պ. Չօպանեանի եւ Պ. Թէքէեանի պէս անձնաւորութիւններ դուրս կը ձգէիք, հպատակելով Պ. Ահարոնեանի ճնշումին: Պատրիարքարանը իր դրամէն չպիտի հոգայ Առաքելութիւնը, Ամերիկայի հանգանակութիւններէն կարելի է հայթայթել անհրաժեշտ գումարը: Ամեն պարագայի մէջ լաւագոյն է, որ Պատրիարքարանը ստանձնէ այդ գործին քոնթրոլը:

Պ. Ռ. Որբերեան. Բայց ատիկա մէկ փոսէն հանել եւ միլս փոսը ձգել պիտի նշանակէ, որովհետեւ Պատրիարքարանն ալ տիպար հաստատութիւն մը չէ այդ տեսակէտով: Դեռ անցեալներս Իզմիրէն 2000 ոսկի ղրկուած էր Պատրիարքարան որպէսզի Խարբերդ հասցնեն, բայց դրամը չհասաւ. ո՛չ միայն չհասաւ, այլ նոյնիսկ հետքն ալ չգտնուեցաւ Պատրիարքարանին մէջ:

Պ. Ա. Չօպանեան. Հոս ալ դրամ չկայ, շատ հաւանական է, որ մինչեւ ամիս մը Պատուիրակութիւնը նոյնպէս չկարենայ վճարել Առաքելութեան ծախքերը:

Պ. Վ. Թէքէեան. Եթէ Ամերիկա կատարուած հանգանակութենէն Կիլիկիոյ հիւանդանոցին համար մաս մը ղրկուի, ամերիկացիք իրենց կողմէ պիտի կրկնապատկեն ղրկուած գումարը, ինչպէս կ՛ընեն արդէն, որով ծախքը իրենք վճարած պիտի ըլլան:

Պ. Գ. Սինապեան. Բայց եթէ Պատուիրակութիւնը չընդունի ի՞նչ պիտի ընէք:

Պ. Ն. Տէր-Ստեփանեան. Այդ պարագային կա՜մ Պատուիրակութիւնը «լիքիտէ» կընէ գործը եւ կա՜մ զայն կը յանձնէ Կիլիկիոյ տեղական մարմիններում:

Պ. Մ. Տէրպէտէրեան. Ես համամիտ չեմ Պ. Տէր-Ստեփանեանի առաջարկութեան առաջին մասին: Եթէ այդ մասը փոխուի, սիրով կը քուէարկեմ: Որովհետեւ այստեղ Բժշկական Յանձնախումբին նկատմամբ այնքան ծանր ամբաստանութիւններ չեն եղած, որպէսգի կարելի ըլլայ արդարացնել այդ տեսակ բանաձեւ մը: Մնաց որ, Տոքթ. Նեւրուգ ալ այստեղ չէ, որպէսգի կարենար ինքզինքը արդարացնել:

Պ. Ն. Տէր-Ստեփանեան. Տոքթ. Նեւրուգ երբեք չուզեց, որ ճշմարտութիւնը յայտնոփ այս խնդրին նկատմամբ: Ինք ամեն ճիգ թափեց, որ Տոքթ. Ղագարոսեան չգայ անձամբ բացատրութիւն տալու Համագումարին առջեւ: Գալով իր բացակայութեան, Տոքթ. Նեւրուգ, Պատուիրակութեան անդամ ըլլալով հանդերձ, միշտ արհամարհեց այս Համագումարը, դուրսն ալ յայտարարելով, որ իր արժանապատուութիւնը չի ներեր իրեն՝ անոր մասնակցիլ: Եւ արդէն, ինչպէս գիտէք, իր ներկայութեան խօսելու պատիւը չէինք կրնար ունենալ, քանի որ կանոնաւոր