Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/754

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կերպով միշտ բացակայած է Համագումարէն, այն օրէն երբ Բժշկական Յանձնախումբին գործին նկատմամբ Համագումարը բարենիշներ տալու բոլորովին հակառակ տրամադրութիւն մը ցոյց տուաւ:

Պ. Ն. Տէր-Ստեւիանեանի առաջարկութիւնը, կարգ մը բարեփոխութեանց ենթարկուելով, ստացաւ հետեւեալ վերջնական ձեւը.

«Համագումարը Կիլիկիոյ Բժշկական Առաքելութեան մասին կ՚որոշէ, որ այդ Առաքելութեան ղեկավարութիւնն ու վարչութիւնը ամբողջովին եւ անմիջապէս յանձնուին Պատրիարքարանին, որպէսզի կամ ինք ղեկավարէ եւ կամ իր հսկողութեամբ յանձնէ Կիլիկիոյ ազգ. պատասխանատու մարմիններուն»:

Այս ձեւով առաջարկութիւնը քուէի դրուեցաւ 10 պատգամաւորներու ներկայութեան եւ ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ:

Կարդացուեցաւ Պ. Աւետիս Թէրզիպաշեանի հետեւեալ առաջարկութիւնը.

«Հայ Ազգային Համագումարին.

Տիար Նախագահ,

Որպէս ներկայացուցիչ Կովկասի մէջ ապաստանած թրքահայութեան, ես ինծի պարտք կը համարեմ Արեւմտահայ Համագումարին ներկայացնելու իմ ներկայացուցած ժողովուրդիս օրհասական վիճակը:

Թրքահայ փախստականութիւնը 1914 եւ 1915-ի նահանջներէն վերջ, իր սեփական տնտեսութենէն զրկուելէն յետոյ, 1916 թուականին անոր երկրագործ մասը թուով 120 000, չորս բարեգործական հաստատութեանց, այսինքն Հայաստանի Վերաշինութեան Յանձնաժողովի, Կովկասի Հայ Բարեգործական Ընկերութեան, Համառուսական Քաղաքներու Միութեան եւ Հայ Գիւղատնտեսական Ընկերութեան նախաձեռնութեանց շնորհիւ, ռուս կառավարութեան յատկացուցած վարկերով, հնարաւորութիւն գտած էր ունենալ իր սեփական լծկանը, երկրագործական գործիքը եւ սերմնցուն: 1917 թուականին փախստականներու այդ մասը ո՛չ միայն իր սեփական աշխատութեամբ ապրուստը ապահոված էր, այլ նաեւ պարենաւորման գործին մեծ ծառայութիւն մը կը մատուցանէր, իր սպասելիքէն աւելին արտադրելով: 1918-ի գարնան նահանջը անգամ մը եւս խլեց փախստականութեան ձեռքէն իր տնտեսութեան սեփական միջոցները, եւ անկէ վերջ այլեւս փորձ չեղաւ փախստականներու տնտեսութիւնը միեւնոյն եղանակաւ ապահովելու: Եղած օգնութիւնները կատարուեցան ողորմութեան ձեւով եւ խիստ անբաւական քանակութեամբ, որով արդէն հալումաշ եղած փախստականութիւնը, իր ենթարկուած հոգեկան թշուառութեան եւ ֆիզիկական գրկանքներուն չկրնալով դիմանալ, այս վերջին երեսուն ամիսներուն ընթացքին կորսնցուց, առանց չափազանցութեան, իր թիլին գրեթէ 100-ին 40-ը: Ու եթէ արագ դարման մը չարուի, թրքահայ փախստականութիւնը այն անհամեմատ տուրքով, զոր կը վճարէ ամեն տարի մահացութեան, դատապարտուած է բնաջնջուելու: Երկու-երեք տարի ալ, եւ ահա ոչ եւս է թրքահայ գիւղացիութիւնը:

Ես կը կարծեմ, որ թրքահայ դատը, այս րոպէին, բնաջնջուելու վտանգի առջեւ գտնուած հայ գիւղացիութեան փրկութիւնն է, եւ այդ փրկութիւնը անոր իր սեփական աշխատութեամբ ապրուստը հայթայթելու հնարաւորութիւն տալուն մէջ կը կայանայ: Եթէ ռուս կառավարութեան օգնութեամբ 1916-ին հնար եղաւ այդ դժբախտ ժոդովուրդին տնտեսութեան միջոցները հայթայթել, Ամերիկա, Անգլիա, Ֆրանսա չպիտի մերժեն անշուշտ նմանօրինակ օգնութիւն մը, որ մէկ երկու միլիոն անգլիական ոսկիի մէջ կը կայանայ: Նախաձեռնութիւնն է, որ կը պակսի: Այս օգնութիւնը վաղուան վերաշինութեան առթիւ արդէն պիտի ըլլայ, բայց վաղը որ բաւական անստոյգ է, ուշ է:

Այս համառօտ տեղեկութեամբ պատկերացնելով թրքահայ գիւղացիութեան դրութիւնը, ես կ՚առաջարկեմ քննութեան ենթարկել այս հարցը, ինչպէս նաեւ այն մտքերը, զորս ես համառօտակի պարզեցի, եւ որոնց մէջ ցոյց տրուած գումարը