Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/755

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հիմնուած է մասնաւոր նախահաշուի մը վրայ: Անհրաժեշտ է արագ դարման մը խորհիլ կորսուելու դատապարտուած թրքահայ գիւղացիութեան մասին, որան գոյութիւնը, ինչպէս ըսի ու կը կրկնեմ, այս րոպէին թրքահայ դատն իսկ է»:

Անդամ Համագումարի
Ա. Թէրզիպաշեան
1920, Յանիս 20.

Պ. Ս. Թէրզիպաշեան. Կ՛ուզեմ քանի մը խօսք աւելցնել այս գրաւոր յայտարարութեան: Մեր մէջ չկայ մէկը, որ տարակարծիք ըլլայ. թէ Թրքահայաստանի հարցին վերջնական կարգադրութիւնը կապուած կը մնայ Ամերիկայի նախագահական ընտրութեան հետ, իսկ գործադրութիւնը առաւել քան երբեք անորոշ է, տրուած ըլլալով, որ հոգատար պետութիւն մը ունենալու հաւանականութիւնը օր ըստ օրէ կը նուազի եւ պոլշեւիզմի խուժումը դէպի Հայաստանի սահմանները, քաոսային վիճակ մը ստեղծած է Կովկասի մէջ: Այդ իսկ պատճառներով, մենք պէտք է աչքի առաջ ունենանք, որ թրքահայ փախստականները նուազագոյն հաշուով երկու տարիէն առաջ չեն կրնար մտնել Թրքահայաստան: Այս պայմաններում մէջ հարկ է այժմէն խորհիլ այդ փախստականներ™ գիւլլացի դասակարգը հանրակացարանի վիճակէն հանելու միջոցներում վրայ: Պէտք է վարելահող, երկրագործութեան անհրաժեշտ լծկան ու գործիք, ինչպէս նաեւ սերմնացու հայթայթել անոնց որպէսզի իրենց սեփական տնտեսութեամբ ապրելու հնարաւորութիւն ունենան: Մենք հետգհետէ պիտի իմանանք, թէ ինչքան կարիք ունինք դրամի եւ թէ ինչքան սխալած ենք կարծելով, որ առանց մեր հատուցման իրաւունքը ստանալու' կրնանք Հայաստանը վերականգնել: Ես չեմ ուզեր կրկնել այս մասին ըրած նախկին նկատողութիւններս: Ես կը կրկնեմ միայն, որ Կովկասի փախստականները չեն կրնար ապրիլ իրենց ներկայ մուրացկանի վիճակով, այս դրութիւնը թէ՜ ֆիզիկապէս եւ թէ՛ հոգեպէս կը մաշեցնէ զիրենք: Պէտք է վերականգնել գիւղացիին սեփական տնտեսութիւնը, այդ մէկ հատիկ միջոցով է, որ կարելի պիտի ըլլայ դարմանել մէկ կողմէն պարենաւորման ճգնաժամը եւ միւս կողմէ' թրքահայ գիւղացիութեան օրհասական վիճակը: Մէկ միլիոն անգլիական ոսկիի կը կարօտի այս գործը, եւ ասիկա ձեռք չբերուելիք գումար մը չէ: Լոնտոնի մէջ 10 միլիոնի փոխատուութեան խօսքեր եղած են: Տրամադրութիւնը չէ, որ կը պակսի: Պէտք է նախաձեռնութիւնը վերցնել եւ արագ կերպով օգնութեան հասնիլ, եթէ կ՛ուզենք, որ ներգաղթի օրը Հայաստան տանելիք թրքահայ ժողովուրդ ունենանք: Որպէսզի Համագումարին յայտնի ըլլայ, թէ Հայ Հանրապետութեան կառավարութիւնը որ մինչեւ օրս կը մերժէ «քոալիսիոն» կառավարութիւն կազմելու առաջարկները, ի՜նչ տնտեսական քաղաքականութեամբ է, որ կը վարէ երկիրը, մէջ կը բերեմ օրինակ մը: Երկու տարի առաջ կառավարութիւնը կարծելով, թէ բամպակի մթերքը առեւտրական դասակարգին ձեռքը կը գտնուի, այդ դասակարգին ստացուածքով պետութեան եկամուտ մը ապահովելու համար բամպակի պետական մենաշնորհի օրէնք մը հրատարակեց եւ իւրաքանչիւր փուտին /=16 քիլօ/ 491/շ ռուպլի գին նշանակելով բամպակի մթերքը «րէքիզիսիոն»-ի ենթարկեց, բանէն դուրս եկաւ, որ բամպակի մթերքին 10%-ը միայն առեւտրականներու ձեռքն էր, իսկ մնացեալ 90-ը՛ արդիւնաբերող գիւղյյցի դասակարգին ձեռքը կը գտնուէր: Արդ, օրէնքին հրատարակութենէն ետք ռուպլիին գինը հետզհետէ անկում կրելով այն աստիճանին հասաւ, որ 49՝/շ ռուպլին գրեթէ հաւասար էր մէկ փուտ բամպակ փոխադրելու եւ կառավարութեան յանձնելու ծախքերում. նաեւ աւելի աժան, քան կենդանիներ™ կերը, քան նոյնիսկ վառելիքը, այնպէս որ գիւղացիք նախընտրեցին կենդանիներու կերցնել կամ վառել, քան տանիլ ծախել առանց փոխարինութեան. այդպիսով, գոնէ յոգնութիւնը կը խնայէին: Ահա այսպէս կառավարութիւնը շատ քիչ քանակութիւն մը միայն կրցաւ ձեռք անցընել այդ թանկագին ապրանքէն, որուն փուտը Պաթումի մէջ կարժէր 5000 ռուպլի: Բայց դեռ ամբողջ վնասը այս չէ: Գիւղացին, տեսնելով այդ