Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/756

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ամենը, այլեւս չցանեց յաջորդ տարին, այնպէս որ 600 000 փուտ բամպակ արտադրող Արարատեան դաշտը 1919-ին 600 փուտ բամպակ միայն արտադրեց: Այս տխուր համեմատութեան թիլերը քաղած եմ նոյն ինքն կառավարութեան օրկանը եղող «Յառաջ» թերթի մէկ խմբագրականէն: Չեմ գիտեր, թէ որքան ժամանակ պէտք է գիւդացիին վստահութիւն ներշնչելու համար, որ իր արդար վաստակը այդքան անարդար օրէնքի մը քմահաճոյքին չպիտի ենթարկուի այլեւս: Ահա թէ ի՞նչ արժեց Հայ Հանրապետութեան կառավարութեան այս ընկերային-տնտեսական փորձարկութիւնը միանգամայն թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ՛ կառավարութեան: Նոյնքան վնասակար բան մը եղաւ հողային հարցին նկատմամբ բռնուած ուղղութիւնը: Ներկայ պայմաններուն մէջ հայ Պետութեան միակ հարստութիւնը Թրքահայաստանի այն ընդարձակ հողերն են, որոնք, դժբախտաբար, մնացած են առանց հերկողի: Աւելորդ է ըսել, թէ սեփականատիրության տենչով մինչեւ հեռաւոր Քալիֆորնիա գացող հայը Հայաստան կու գայ նորէն սեփականատէր ըլլալու, իրեն յատուկ հողն ու ագարակը ունենալու տենչով: Այդ տենչանքը մէկ կողմէն առիթ.կրնայ դառնալ, որ հայութխնը Հայաստանի մէջ համախմբոփ, եւ միւս կողմէն ալ պետութեան կրնայ ապահովել հասոյթի եւ հարստութեան աղբիւր մը: Դժբախտաբար, ներկայ կառավարութիւնը, առաջնորդուած կուսակցական շահերէ, հողերու համայնացման սկզբունքը նուիրագործած է, եւ այդպէսով պետութխնը զրկուած է այդ ընդարձակ հողերու հարստութիւնը շահագործելու պատեհութենէն, միւս կողմէ այդ դրութիւնը մտքի շփոթութիւն ու վարանում պատճառած է անոնց, որոնք Հայաստան մտնելու, հողատէր դառնալու, աշխատելու եւ արդիւնաբերելոլ մտադրութիւն ունէին:

Նորատունկեան էֆենտի. Հայկական պետութեան արդի դժուարութեանց մէջ մեծագոյններէն մէկն ալ ելեւմտական անձկութիւնն է: Հանրապետութիւնը այսօր տարեկան մէկ միլիոն անգլիական ոսկիի ծախք մը ունի, ասոր փոխարէն հասոյթները շատ աննշան են, կ՛ենթադրեմ, թէ հազիւ տարին 100 000 ոսկիի կը հասնին: Կառավարութիւնը, այս խոշոր բացը գոցելու համար, թղթադրամ շրջաբերութեան հանելէ զատ ուրիշ միջոց չէ ունեցած մինչեւ այսօր, եւ թղթադրամն ալ դժբախտաբար շատ ինկած է արժէքով:

Պ. Մ. Տէրպէտերեան. 50 ռուպլիանոց թուղթ մը 25 սանթիմ կարժէ, այսինքն աւելի քիչ, քան թուղթին տպագրական ծախքը:

Նորատունկեան էֆենտի. Միւս կողմէ պետութիւնը մեծ ծախքեր ունի, որոնց մէջ գլխաւոր տեղը կը բռնեն բանակին համար ըլլալիքները: Գրաւեալ եւ գրաւուելիք հողամասերու մէջ վնասակար տարրեր կան, որոնք զբաղմունք պիտի պատճառեն եւ դժուարութիւններ պիտի յարուցանեն խաղաղութեան եւ ապահովութեան հաստատման համար: Սահմանները նոյնպէս պահպանուելու պէտք ունին, որովհետեւ երկիրը շրջապատուած է թշնամի տարրերով: Անշուշտ ներքին ապահովութեան համար ալ ոյժ պէտք է: Անհրաժեշտ պէտք կայ, ուրեմն, քիչ-շատ զօրեղ բանակի մը, որ տակաւին գոյութիւն չունի: Հանրապետութեան բանակը այսօր մօտատրապէս 15-20 000 զօրք ունի: Ասիկա անբաւական է: Տէրութեանց կողմէ խոստում եղած է ռազմամթերք եւայլն տալու, որպէսզի հայկական պետութիւնը կարենայ 30 կամ 40 հազար հոգիանոց կատարեալ բանակ մը կազմել: Բայց ասիկա, առանց նիւթական միջոցներու, անկարելի է: Եւ պետութեան արդի ելեւմտական վիճակը կարելի չի դարձներ այդ տեսակ զինուորական ոյժի մը գոյացումը: Այսպէս ուրեմն դրամական մեծ վիհ մը կայ, որ սակայն կրնայ լեցուիլ, եթէ ազգը ամբողջ ձեռք ձեռքի տայ եւ նոյն անձնուիրութեամբ ու գուրգուրանքով բոլորոփ մեր նորակազմ պետութեան շուրջը: Այս տեսակէտով հաւասարապէս պարտք կը ծանրանայ թէ՛ պետութեան եւ թէ՛ ժողովուրդին վրայ: ժողովուրդը կրնայ բարձր բռնել տալ պետութեան հանած թղթադրամը, բայց ասոր համար պէտք է վստահ ըլլայ, թէ ազգին բարգաւաճման արգելք եղող օրէնքներ չպիտի հրատարակոփն, ինչպէս, օրինակի համար, Եղեր է բամպակի վաճառման համար: Յետոյ, կառավարութեան ընծայելիք մեձագոյն