Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/757

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

երաշխատրութիւնը երկրին հողային հարստութիւնն է: Այդ տեսակէտով ա՛լ աւելի ապահոփսթիւն ներշնչող, հողերու արդիւնաբերութիւնը չարգիլող, ընդհակառակը անոնց շահագործումը դիւրացնող օրէնքներ պէտք են: Ազգը քանի՛ հարուստ ըլլայ, այնքան կը դիւրանայ նաեւ պետութեան ելեւմուտքին հաւասարակշռութիւնը: Հետեւաբար. պետութեան առաջին պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ ազգին հարստացումը դիւրացնող օրէնքներու հաստատումը: Բնականաբար, այս ամէնէն վեր է միաբանութեան, համերաշխության եւ գործունեայ աշխատութեան պահանջը: Ասիկա չեղաւ մինչեւ այսօր, եւ եթէ իրերու խորը փնտռենք, մեր ձախորդութեանց մեծագոյն պատճառը աս է: Պէտք է դարման գտնել ասոր, եւ այս դարմանը ըստ իս ամէնէն աւելի պիտի կրնայ գալ օժանդակ պետութեան մը սահմանումէն: Մենք մեզի մնալով՝ չպիտի կրնանք մեծ ու որոշ բան մը ընել այդ տեսակէտով, կամ չպիտի կրնանք ընել այնքա ն, որքան պիտի կրնար օժանդակ պետութիւնը իրականացնել իր երկար փորձառութեամբ, էն առաջ իր դրամական վարկովը մեզի օգնելով եւ մասնագէտներու միջոցաւ դիւրացնելով պետութեան արագ եւ կատարելագոյն ձեւով վերակազմութիւնը: Յետոյ անիկա տեսակ մը առանցք պիտի ըլլար, որ իր շուրջը պիտի համախմբէր ազգին զանազան ոյժերը, կարծիքները, հատուածները, եւ բոլորը մէկ պիտի կրնար գործածել նոյն միակ նպատակին համար, այսինքն' պետութեան բարգաւաճման ու զօրացման համար: Բախտաւոր պիտի ըլլանք իրապէս, եթէ կարենանք այս տեսակ օժանդակ պետութիւն մը գտնել: Մենք մեր գլխուն մնալով, ինչպէս ըսի, երկար ժամանակի պէտք պիտի ունենանք իտէալ վիճակ մը ապահովելու համար մեր պետութեան:

Պատգամաւորներէ ոմանք առաջարկեցին Դիւանին Համագումարի յառաջիկայ նիստին հրաւիրել Հայաստանի նախկին վարչապետ Պ. Խատիսեանը, որ օր մը ետք Փարիզ պիտի հասնէր, եւ որ պիտի կրնար տեղեկութիւններ տալ Հանրապետութեան իրական կացութեան նկատմամբ:

Նախագահ Նորատունկեան էֆենտի խոստացաւ այս մասին պէտք Եղածը ընել անձամբ:

Կարդացուեցաւ հետեւեալ բանածեւը, զոր Պ. Արշակ Չօպանեան խմբագրած էր Պ. Թէրզիպաշեանի առաջարկութեան մասին.

«Նկատի ունենալով Հայ Հանրապետութեան մէջ տիրող տնտեսական ահաւոր տագնապը, որուն հետեւանքով մասնաւորաբար արեւմտահայ փախստականութիւնը բնաջինջ ըլլալու վտանգին մէջ է. Համագումարը պարտք կը դնէ Պատուիրակութեան վրայ, իսկոյն ամէնակորովի դիմում մը ընել ամերիկեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին, խնդրելով նիւթական շուտափոյթ եւ կարեւոր նպաստ, կամ այս նպատակով ազգային հանգանակութիւն բանալով, որպէսզի, սպասելով որ ծննդավայր վերադարձի րոպէն հասնի, արեւմտահայ գիւղացիութեան եւ ւիախստականութեան համար սեփական տնտեսութիւն ապահովուի: Նոյն ատեն, Համագումարը կը յանձնարարէ Պատուիրակութեան' ամեն ջանք ընել նպաստելու համար Հանրապետութեան մէջ արեւելահայ բոլոր կուսակցութիւններէն ներկայացուցիչ ունենայ նաեւ արեւմտահայ փախստականութիւնը»:

Ա. Չօպանեան

Պ. Թէրզիպաշեան համամիտ չգտնուեցաւ Պ. Չօպանեանի երկու առաջարկութեանց միացման, ըսաւ որ պէտք է սեփական տնտեսութեան միջոց ընծայել արեւմտահայ գիւղացիութեան եւ փախստականներուն, եւ ո՛չ թէ նպաստ, որպէսզի միանգամընդմիշտ ապահովուի անոնց գոյութիւնը, եւ առաջարկեց որ Համագումարը mandat imperatif տայ Ազգ. Պատուիրակութեան այդ մասին անհրաժեշտ մէկ միլիոն անգլիական ոսկին ճարելու համար:

Ի վերջոյ Պ. Չօպանեանի առաջարկութեանց առաջին մասը, կարգ մը բարեփոխութեանց ենթարկուելով, ստացաւ հետեւեալ վերջնական ձեւը.