Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/758

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

«Նկատի ունենալով Հայ Հանրապետութեան մէջ տիրող տնտեսական ահատր տագնապը, որուն հետեւանքով մասնաւորապէս արեւմտահայ փախստականութիւնը բնաջինջ ըլլալու վտանգին մէջ է, Համագումարը պարտք կը դնէ Պատոփրակութեան վրայ, որ աջակցութեամբ Հանրապետութեան Պատուիրակութեան իսկոյն ամենակորովի դիմում ընէ Դաշնակից եւ մասնատրաբար ամերիկեան կառավարութեանց ու ժողովուրդին մօտ, խնդրելով նիւթական շուտափոյթ եւ կարեւոր նպաստ, կամ այս նպատակով ազգային հանգանակութիւն բանալ, որպէսգի, սպասելով որ ծննդավայր վերադարձի րոպէն հասնի, արեւմտահայ գիլղացի փախստականներու համար սեփական տնտեսութիւն ապահովուի, անոնց տրուելով վարելահող, լծկան անասուններ եւ սերմնացու»:

Այս ձեւով առաջարկութիւնը քուէի դրուեցաւ 10 պատգամաւորներու ներկայութեան եւ ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ:

Իսկ Պ. Չօպանեանի առաջարկութեանց երկրորդ մասը, որ Հայաստանի կառավարութեան կազմութեան կ՚ակնարկէր, անհետեւանք թոդուեցաւ:

Պ. Ա. Չօպանեան. Համագումարի Նախագահը հոգատարութեան հարցին ակնարկեց պահ մը առաջ: Ինչպէս յայտնի է, այս մասին խնդիր մը ծագեցաւ Ամերիկայի մէջ, զոր պէտք է լուսաբանել: Պօղոս Փաշա այստեղ կարդաց Պ. Սվազլըի մէկ հեռագիրը, որուն համեմատ Պ. Փաստրմաճեան իրեն ըսած էր, թէ հոգատարութեան հակառակ ոեւէ յայտարարութիւն չէ ըրած: Համագումարը այս միայն գիտէ: Բայց անկից ի վեր Պ. Սվազլը ընդարձակ հեռագիր մը ղրկած է Պօղոս Փաշային, որով իր նախկին ըսածը կը հաստատէ ծանօթ ծերակուտականներու վկայութեան յենելով: Միեւնոյն բանը կը հաստատէ Բրօֆ. Տէր-Յակոբեան Փաշային ուղղուած երկու ընդարձակ նամակներով: Խորէն Եպիսկոպոս անշուշտ պատասխանատու չէ եղածին: Ինք անգլերէն չի գիտեր: Կ՚ըսուի, թէ Պ. Գարտաշեան, որ արդէն հոգատարութեան հակառակ եղած է, իր ուզած կերպով պէտք է թարգմանած ըլլայ անոր խօսքերը: Միւս կողմէ՜ կայ ուրիշ կարեւոր հարց մը, որուն վրայ կ՛ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել: Ամերիկայի «Պահակ» թերթը, որ Վերակազմեալ Հնչակեան Կոաակցութեան օրկանն է, հրատարակած է Պ. Վէնիզէլոսի՜ ամերիկեան թերթի մը թղթակցին հետ ունեցած տեսակցութիւնը, որուն մէջ յոյն մեծանուն պետական մարդը կըսէ, թէ քեմալիսթներու զօրութիւնը կարծուածէն շատ նուազ լուրջ բան մըն է եւ թէ Հայաստանի հոգատարութիւնը իրագործելու համար պէտք չկայ մեծ ոյժերու, բաւական է 20 000 զօրք: Ասիկա յիշելէ ետք, «Պահակ» խմբագրական մը նուիրած է հոգատարութեան հարցին, առաջարկելով, որ հայերը խնդրեն Պ. Վէնիզէլոսէն, որ Դաշնակիցներուն այս պահուս իրեն յանձնած գործը լրացնելէն յետոյ Յունաստան ստանձնէ Հայաստանի հոգատարութիւնը եւ մաս մը յունական զօրքեր Տրապիզոնէն յառաջանան դեպի էրզրում, ձեռք տալու համար հակառակ ուղղութեամբ նոյնպէս դեպի էրզրում յառաջանալիք Երեւանեան բանակին, միւս կողմէ, ուրիշ խումբ մը յոյն զօրքեր երթան օգնել մեր Կիլիկեան քաջերուն: Այս գաղափարը, զոր «Պահակ» մեջտեղ կը դնէ, արժանի է լուրջ նկատառութեան: Մենք կրնանք այս առթիւ, Պոնտոսի յունաց ծրագրին ալ իրականացման կարելիութիւնը ցոյց տալով եւ ատոր մեր բարոյական ամեն կերպ աջակցութխնը խոստանալով, հրաւիրել յոյն կառավարութիւնը, որ Թրքահայաստանի գրաւման ու Կիլիկիոյ ազատագրման անմիջականօրէն անհրաժեշտ գործին մէջ օգնէ մեզի: Ես կ՚առաջարկեմ Նորատունկեան էֆենտիի, որ, իբր նախագահ Համագումարի, այս հարցը դնէ նորընտիր Ազգ. Պատուիրակութեան առջեւ, եւ Ազգ. Պատոփրակութեան Նախագահը, Հանրապետութեան Պատուիրակութեան Նախագահ Պ. Ահարոնեանի եւ Նորատունկեան էֆենտիի հետ միասին, Պ. Վէնիզէլոսի դառնալէն անմիջապէս յետոյ երթան այս առաջարկը բացորոշ կերպով անոր ներկայացնեն: Կը խնդրեմ Համագումարէն ալ, որ այս մասին արտայայտուի որոշ կերպով: