Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/759

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Թեր ա դէմ կարճատել կարծիքներու փոխանակութենէ մը վերջ, Համագումարը համամիտ չգտնուեցաւ Պ. Չօպանեանի այս առաջարկութեան, եւ անհետեւանք թողաց զայն:

Կարդացուեցաւ Պ. U. Թէրզիպաշեանի հետեւեալ բանաձեւը, զոր կ՚առաջարկէր քուէի ենթարկել Տիրէքթիւներու Սահմանման Յանձնաժողովին 9-րդ առաջարկութեան տեղ, որ նախորդ նիստին 5 քուէ միայն ստացած ըլլալով, իբր «յանձնարարութիւն» պիտի մատուցուէր Ազգ. Պատուիրակութեան.

«Պատոփրակութիւնը պէտք է իր առաջին գործերէն մէկը ընէ դիմել Հայաստանի կառավարութեան, առաջարկելով անոր անմիջապէս ստեղծել միացեալ բազմատարր կառավարութիւն Պ. Խատիսեանի վերջին առաջարկին համաձայն: Այս դիմումին մերժման պարագային, եթէ ստորագրուելիք դաշնագիրը նուազագոյն գոհացում տայ արեւմտահայերուն, Պատուիրակութիւնը պարտաւոր է նոր Համագումարի մը ընտրութեան նախաձեռնութիւնը առնել եւ անոր որոշման ենթարկել արեւմտահայերու մասնաւոր իրաւանց պաշտպանութեան գործը»:

Ա. Թէրզիպաշեան

Տասը պատգամաւորներու ներկայութեան քուէի դրուելով, այս առաջարկութիւնը ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ:

Պ. Տէրպէտէրեան յայտարարեց, թէ կը քուէարկէ առաջարկութիւնը, բայց կը փափաքի, որ արծանագրուի, թէ համաձայն չէ անոր երկրորդ մասին:

Համագումարը որոշեց նաեւ, որ իր թէ՛ նախորդ եւ թէ՛ այս երկրորդ նստաշրջանին ատենագրութիւնները պէտք է պատրաստոփն երկուքական օրինակ մէկ օրինակը' Հայկական կառավարութեան ել միւս օրինակն ալ Պոլսոյ Ազգ. Պատրիարքարանին տրուելու համար:

Նախագահ Գաբրիէլ էֆենտի Նորատունկեան դիտել տուաւ, թէ նախորդ նստաշրջանի ատենագրութիւնները պէտք ունին կարգ մը լեզուական եւ ձեւական սրբագրութեանց, եւ յայտնեց, որ Դիւանը յօժար է կատարելու այդ սրբագրութիւնները:

Համագումարը համամիտ գտնուեցաւ:

Պ. Չօպանեան առաջարկեց, որ ներկայ նստաշրջանին ատենագրութիւնները, որոնք խղճամիտ հարագատութեամբ մը պատրաստուեցան Պ. Արամ Անտոնեանի կողմէ, անփոփոխ մնան այնպէս ինչպէս կարղացուեցան եւ վաւերացուեցան:

Համագումարը համամիտ գտնուեցաւ նաեւ այս առաջարկութեան:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 7-ին:

ՀԱԱ, ֆ. -430, ց. 1, գ. 68, թթ. 1-8: Ձեռագիր: Բնագիր:

Նիստ ԼԱ

/փակման նիստ/

13 Յուլիս 1920, ժամը 4-ին

նախագահութեամբ Գաբրիէլ էֆ. Նորատունկեանի:

Ներկայ էին 13 պատգամաւորներ՝

Եղիշէ Արքեպ. Դուրեան, Պ. Պ. Դաւիթ-Բէկ, Ա. Թէրզիպաշեան, Վ. Թէքէեան, Ա. Հանըմեան, Տոքթ. Նեւրուզ, Գ. Նորատունկեան, Պօղոս Փաշա Նուպար, Ռ. Օրբերեան, Ա. Չօպանեան, Գ. Սինապեան, Մ. Տէրպէտէրեան, Ն. Տէր-Ստեփանեան:

Օրակարգ

1. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

2. Հարցում Պ. Վահան Թէքէեանի Ամերիկայի մէջ հոգատարութեան