Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/760

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խնդրին նկատմամբ եղած յայտարարութեան մասին

3. Փակում Ազգ. Համագումարի երկրորդ նստաշրջանին

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ընթերցում ատենագրութեան

Կարդացուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ Յուլիս 9-ի նիստին ատենագրութիւնը:

2. Անձնական բացատրութիւն Տոքթ. Նեւրուզի

Բժշկական Յանձնաժողովի խնդրին նկատմամբ

Ատենագրութեան ընթերցումէն ետք խօսք ուզեց Տոքթ. Նեւրուզ Բժշկական Յանձնաժողովի խնդրին նկատմամբ անձնական բացատրութեան մը համար:

Տոքթ. Նեւրուզ. Համագումարի նախորդ նիստին մէջ, որուն ներկայ չէի Աբա մեկնած ըլլալուս պատճառաւ, վերստին արծարծուեր է Բժշկական Առաքելութեան խնդիրը, եւ այդ առթիւ մեր անդամակիցներէն Պ. Պ. Թէքէեան եւ Տէր-Ստեփանեան իմ անձիս նկատմամբ ըրեր են կարգ մը ամբաստանութիւններ, որոնք զուտ զրպարտութիւններ են եւ որոնց պիտի պատասխանեմ քանի մը խօսքով:

Բժշկական Առաքելութեան այդ խնդիրը ժողովին կողմէ քննութեան առարկայ դարձաւ, երբ տակաւին Համագումարի անդամներուն մեծ մասը ներկայ էր: Այն ատեն, ինչպէս կը յիշէք, բոլոր բացատրութիւնները որ ուզուեցան տուի այստեղ: ժողովէն դուրս ալ, ամեն անգամ, որ Համագումարի անդամներէն մէկուն կողմէ մանրամասնութիւն մը ուզուեցաւ, սիրով պատասխանեցի: Կը յիշեմ մասնաւորաբար Պ. Տէօվլէթեանը, որ անձամբ եկաւ գւոաւ զիս եւ ուզեց ունենալ թէ՛ Կիլիկիոյ Բժշկական Առաքելութեան եւ թէ՛ Բժշկական Յանձնաժողովին գործունէութեան պատկանող ամեն տեսակ տեղեկութիւններ եւ «տօքիւմաններ»: Այդ քննութենէն ետք Պ. Տէօվլէթեան համոզուեցաւ, թէ Բժշկական Յանձնաժողովը բոլոր կարելին ըրեր է Առաքելութեան արդիւնաւորութեան համար, համոզուեցաւ մասնաւորաբար, թէ ես բնաւ ինքնագլուխ չեմ գործած, ինչպէս ըսեր էին իրեն, այլ՝ Յանձնաժողովին որոշումները տրուած էին բոլոր անդամներու խորհրդակցութեամբ: Բժշկական Յանձնաժողովը կը բաղկանար Պ. Պ. Տոքթ. Օհանջանեանէ, Լաքրուայէ, Հանըմեանէ, Տիկին Տոքթ. Րօպէրէ եւ ինձմէ: Պաշտօնական ատենագրութիւնները կան, որոնք կապացուցեն, թէ բոլորն ալ մասնակցած են խորհրդակցութեանց, եւ որոշումները առնուած են ամէնուն ալ գիտութեամբ: Կը զարմանամ, որ Պ. Տէր-Ստեփանեան, մինակ «կ’ըսուի»-ներու վրւսյ յենելով՝ զիս կը դատապարտէ: Ան նոյնիսկ առաջ կերթայ ըսելու, որ եթէ Պատուիրակութիւնը միլիոններ ալ ունենար իր տրամադրութեան տակ, պէտք էր Բժշկական Առաքելութեան գործը առնել իրմէ եւ յանձնել Պատրիարքարանին, քանի որ թէ՛ այդ գործը եւ թէ՛ Բժշկական Յանձնաժողովը կը գտնուին եղեր այն տեսակ պայմաններու մէջ, որ դարձեր են, իր բառերով, «կատարեալ խայտառակութիւն»: Կը զարմանամ, որ Պ. Տէր-Ստեփանեանի պէս զարգացեալ երիտասարդ մը, որ երկար ատեն Եւրոպա ապրած է, այդքան ծանր բառ մը կը գործածէ, շեղելով նոյնիսկ ամենատարրական քաղաքավարութեան կանոններէն: Ո՛չ խայտառակութիւն կայ մէջտեղը, ո՛չ նոյնիսկ անիշխանութիւն: Ասկէ առաջ համոզիչ փաստեր տուի արդէն այդ մասին, եթէ ատոնք անբաւական նկատուին, Համագումարիդ տրամադրութեան տակ եմ. պատրաստ եմ ամեն տեղեկութիւն տալու: Եւ արդէն Պատուիրակութեան Նախագահը, որ ներկայ է այստեղ, ի հարկին կրնայ վկայել, թէ ամեն բան եղած է Յանձնաժողովին եւ իր հաւանութեամբ:

Գալով Պ. Թէքէեանի այն դիտողութեան, թէ ամօթալի դէպքեր տեղի ունեցեր են Կիլիկիոյ մէջ, չեմ հասկնար, թէ ատիկա ինչպէ՞ս առիթ մը կրնայ դառնալ Բժշկական