Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/761

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Յանծնաժողովը դատապարտելրս: Երկու հիւանդապահուհի իրարու գլուխ պատռեր են. ասոր մէջ Յանձնաժողովը ի՞նչ յանցանք ունի: Ամեն գործի մէջ կրնան պատահիլ այս տեսակ դէպքեր: Յանձնաժողովը նոյնքան ցաւեցաւ այդ մասին որքան ուրիշ ամեն մարդ, եւ նոյնիսկ գրեցինք Պ. Տամատեանի, որ քննութիւն կատարէ եւ պատժէ այդ գայթակղութեան հեղինակները, նամակները կեցած են:

Իսկ այն ակնարկութեան, թէ Համագումարը զիս Պատուիրակութեան անդամ ընտրեր է Պ. Ահարոնեանի ճնշումիս վրայ, կը ցաւիմ, որ Համագումարի անդամները ինչպէ՞ս չեն բողոքեր ատոր դէմ: Ինչպէս ըսի անգամ մը, ինչպէս այստեղ ամեն ոք գիտէ, Պ. Ահարոնեան կապ չունի Պատուիրակութեան ընտրութեան խնդրին հետ ա՛յն կերպով, ինչպէս ցոյց կու տայ Պ. Տէր-Ստեփանեան: Պ. Ահարոնեան երբեք անձի խնդիր չէ յուզած, «սա առէք, միւսը թողուցէք» չէ ըսած: Ինք պահանջած է միայն, որ Պատուիրակութիւնը երեք անդամ ունենայ, որպէսզի կարելի ըլլայ ձեռք-ձեռքի աշխատիլ հաւասար ոյժերով: Եղածը այս է միայն, ու լաւագոյն է, որ այլեւս բնաւ չյուզենք այս խնդիրը: Դարձեալ Պ. Տէր-Ստեփանեան ըսեր է, թէ ես արգելք եղայ ճշմարտութեան յայտնուելուն: Այս ամբաստանութիւնը նոյնքան անհիմն է՝ որքան էին միւս ըսուածները: Պ. Տէօվլէթեան ալ այդ մտածումն ունէր, բայց երբ եկաւ եւ անձամբ տեղեկութիւն ուզեց, հեշտիւ կրցայ գինքը համոզել, թէ սխալած է: Եւ արդէն Յանձնաժողովին ատենագրութիւնները մէջտեղն են. ուզողը կրնայ կարդալ: Եթէ տեղեկութիւն չենք կրցած տալ. պատճառը սա է որ, ինչպէս արդէն բազմիցս ըսուեցաւ, ղրկուած տեղեկագիրը կորսուեր էր: Անշուշտ մեղադրելի են, որ ուրիշ մը չեն ղրկած: Մեղադրելի է նաեւ Պ. Տամատեան: Բայց վերջապէս պէտք է նկատի առնել նաեւ այն պայմանները, որոնց մէջ կը գտնուին այսօր: Անոնց տեղը եղէք անգամ մը: Ով գիտէ ի՞նչ դրութեան մէջ կը գտնուին: Ինծի դէմ մեղադրանք մը դարձուցեր են նաեւ Տոքթ. Տամլամանեանի եւ ուրիշներու մեկնումը: Բայց ասոնք նոր պատահած իրողութիւններ Են, որոնց մասին տեղեկութիւն անգամ չենք ստացած:

Քանի մը խօսք ալ քուէարկուած առաջարկութեան մասին պիտի ընեմ: Երբ տակաւին Տոքթ. Օհանջանեան այստեղ էր, Բժշկական Յանծնաժողովը այն մտածումն ունէր, թէ այդ գործը պէտք է տակաւ առ տակաւ վերածել անանկ կացութեան մը, որ տեղական մարմինները իւրացնեն զայն: Այս մտքով արդէն Յանձնաժողովը գրած էր Պ. Տամատեանի, որ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւն մը կագմէ եւ տեսուչ ընտրէ բժիշկ չեղող անձնատրութիւն մը, որպէսզի ներքին մրցակցութեան եւ նախանձի դէպքեր չծագին: Իսկ Պատրիարքարանի յանձնաելուն նոյնպէս համամիտ եմ, ինչպէս կրնայ վկայել Պ. Չօպանեան:

Ահա՛ եղած քննադատութիւնները եւ անոնց արժէքը: Բայց իրապէս քննադատութեան համար չեն եղած այս խօսքերը, անոնց մէջ աւելի թոյն կայ, քան քննադատութեան ոգի: Այդ թոյնը նոյնութեամբ իրենց կը վերադարձնեմ:

Պ. Տէր-Ստեփանեան. Խօսք կուզեմ:

Նորատունկեան էֆենտի. Վիճաբանութեան պէտք չկայ այլեւս այս խնդրին նկատմամբ:

Պ. Տէր-Ստեփանեան. Քանի մը խօսք միայն պիտի ընեմ ապացուցանելու համար, որ մեր քննադատութիւնները անտեղի փաստերու վրայ չէին հիմնուած, այլ նոյնիսկ այստեղ տեղի ունեցած դէպքերու վրայ: Կը խնդրեմ, որ խօսք տաք, քանի որ իրեն խօսք տուիք:

Նորատունկեան էֆենտի. Տոքթորը անձնական բացատրութիւն մը տալու իրատւնք ունէր:

Պ. Տէր-Ստեփանեան. Ես փաստեր պիտի տայի, որոնք կ՛ապացուցեն ըսածներս եւ զորս կարելի էր վայրկեանին ճշդել: Կը բողոքեմ այս անիրաւութեան դէմ:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Լաւ չհասկցայ Տոքթ. Նեւրուզի խօսքերուն այն մասը, որ կը վերաբերի Պատուիրակութեան վերակազմութեան: Ամեն պարագայի մէջ կը կրկնեմ այն յայտարարութիւնը, որ նախապէս ըրի արդէն: Մեր համաձայնութեան