Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/762

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

առթիւ Պ. Ահարոնեանի պահանջումը երեք հոգիի համար էր, բայց եթէ այդպէս մնար եւ չորսը չընդունուէր, չպիտի համաձայնէի: Յայտնեցի արդէն, թէ այս աստիճան փափուկ ատեն մը չորսի զիջում ընելս մեծ զոհողութիւն մըն էր ինծի համար: Մնաց որ այսօր մեծապէս կը ցաւիմ, որ վեց չենք Պատուիրակութեան մէջ:

Նորատունկեան էֆենտի. Նախորդ նիստին մէջ Պ. Պապաջանեան առաջարկեց, որ Համագումարը ձեզի իրատւնք տայ, որ եթէ պէտք տեսնէք՝ cooptation-ի դրութեամբ աւելցնէք Պատուիրակութեան անդամներուն թիլը:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Եւ Համագումարը մերժե՞ց:

Պ. Ա. Թէրզիպաշեան. Ո՛չ, պիտի վերադառնանք այդ խնդրին:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Լա՛ւ:

3. Խնդիր ներկայութեան Պ. Ա. Խատիսեանի

Նորատունկեան էֆենտի. Համագումարին նախորդ նիստին մէջ յայտնուած բաղձանքին համաձայն՜ տեսնուեցայ Պ. Ալ. Խատիսեանի հետ: Պ. Խատիսեան խոստացաւ ներկայ գտնուիլ մեր այսօրուան նիստին եւ զեկոյց մը ընել: Միջանկեալ յայտնեմ, թէ Պ. Խատիսեան անձնապէս կողմնակից է միշտ միացման խնդրին եւ ատոր օրինաւոր կերպով գործադրութիւնը կարելի կը նկատէ, ինչպէս ինքն իսկ պիտի յայտարարէ այստեղ: Ինք լոկ փոխառութեան խնղրին համար եկած է Երեւանէն, նոյնիսկ Փարիզ գալու մտադիր ալ չէ եղեր, այլ պիտի երթայ եղեր Եգիպտոս, բայց Պ. Ահարոնեանէ հրաւէր ստացած ըլլալովը Փարիզ գալու եւ մօտէն տեղեկանալու քաղաքական անցուդարձերուն, ճամբան փոխեր է ժամանակի մը համար:

Պ. Ա. Չօպանեան. Մինակ փոխառութեան խնդրին համար չէ եկած, այլ հաւանօրէն միացման խնդրին համար ալ բան մը պիտի ընէ, քանի որ կայարանը իրեն ընդառաջ գացողներուն երկու խօսք ըսելով միութեան պէտքը շեշտեց: Վերջէն սակայն, իրեն տուած այցելութեանս միջոցին ինծի այնպէս ըսաւ, որ միացեալ կառավարութեան եւ միացման խնդիրները կրնան կարգադրուիլ դաշնագրին ստորագրութենէն անմիջապէս ետք:

Նիստը վերջանալուն մօտ ստացուեցաւ Պ. Ալ. Խատիսեանի հետեւեալ նամակը, որ կարդացուեցաւ.

«Ն. Վսեմութիւն Տիար Նորատունկեան,

Մեծապատիւ պարոն,

Ես արդէն պատրաստտւմ էի գնալ Ձեզ մօտ զեկուցում տալու համար, երբ ինձ հրաւիրեցին մի շատ կարեւոր եւ անյետաձգելի պաշտօնական դիւանագիտական տեսակցութեան համար: Ես ստիպուած եմ գնալ այնտեղ, ուստի ներողութիւն եմ խնդրում Ձեզանից, որ այսօրուայ զեկուցումը չպիտի կարողանամ անել, եւ այն ինչ որ պէտք է ւսսէի՝ ես կ՛աշխատեմ այս շաբաթուայ ընթացքում մի առանձին զեկուցումով անել: Նորից խնդրում եմ ներողութիւն յարգելի պարոններից, որոնց հետ ես էլ կ՛ուզենայի տեսնուել:

Ձեզ յարգող
Ալ. Խատիսեան»

4. Զեկուցում Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշայի Սբայի

մէջ ունեցած գործունէութեան մասին

Նախագահ Նորատունկեան էֆենտի խնդրեց Ազգ. Պատուիրակութեան ՆախագահԷն, որ տեղեկութիւն տայ ժողովին Պատուիրակութեան անդամներուն Սբայի մէջ ունեցած գործունէութեան մասին:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Ինչպէս ծանօթ է, Սբա մեկնելու որոշումը տուինք եւ անմիջապէս մեկնեցանք, երբ յայտնի եղաւ, թէ Գերագոյն Խորհուրդը այնտեղ պիտի