Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/763

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

քննէ նաեւ թուրքերուն կողմէ ներկայացուած հակաառաջարկները: Երբ Սբա հասանք, իմ առաջին հոգս եղաւ տեսնել Պ. Վէնիզէլոսը, որ անշուշտ կրնար լաւազոյն տեղեկութիւններ տալ. քանի որ յայտնի է, թէ այդ բանակցութեանց մեծագոյն դերակատարներէն մէկը պիտի ըլլար Յունաստանի կողմէ վերջերս Թուրքիոյ մէջ ստանձնուած գործօն դերին բերումով: Պ, Ահարոնեան ալ ինծի համակարծիք եղաւ եւ միասին գացինք Պ. Վէնիզէլոսի մօտ: Պ. Վէնիզելոս յայտնեց, թէ Գերագոյն Խորհուրդը նախորդ օրուան նիստին մէջ որոշած էր իր տալիք պատասխանը թուրքերուն, եւ թէ այդ պատասխանը պարզապէս կը մերժէր թուրքերու կողմէ ւսռաջարկուած բոլոր փոփոխութիւնները, բացի քանի մը աննշան կէտերէ, որոնք չէին շրջեր դաշնագրին ոգին, ինչպէս, օրինակի համար, նեղուցներուն հսկողութեան Միջդաշնակցային Յանձնաժողովին մէջ թուրք ներկայացուցչի մը գոյութիւնը, եւ այլն: Մասնաւորաբար Հայաստանի վերաբերող մասին համար Պ. Վէնիզէլոս ըսաւ, թէ Գերագոյն Խորհուրդը նոյնութեամբ անփոփոխ պահած է գայն: Մեր տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի օր: Իսկ Գերագոյն Խորհուրդը իր պատասխանը պարունակող ծանուցագիրը թուրքերուն պիտի յանձնէր Շաբաթ օր: Ուրեմն, երկու օր ունէինք, եւ այդ միջոցին կրնայինք յանձնել մեր Հիշատակագիրը: Պ. Ահարոնեան եւ ես գացինք Պ. Պէրթլոյի եւ մեգի համար բախտ մը եղաւ, որ այս այցելութիւնը ըրած ատեննիս Դաշնակից տէրութեանց կողմէ թուրքերուն տրուելիք ծանուցագիրը պատրաստ էր: Պ. Պէրթլօ ո՛չ միայն սիրալիր եւ յուսադրիչ ընդունելութիւն մը ըրաւ մեզի, այլ նոյնիսկ բարեացակամութիւնը ուճեցաւ կարդալու ծանուցագրին այն կէտերը, որոնք մեզի կը պատկանին: Շատ կորովով գրուած էր եւ տեղ-տեղ հիմնուած էր այն համբաւաւոր նամակին վրայ, զոր Պ. Քլէմանսօ երբեմն ուղղած էր թուրք առաջին պատոփրակութեան: Ծանուցագիրը մասնաւորաբար կը ժխտէր թուրքերուն կողմէ եղած այն առարկութիւնը, թէ հայերը պետութեան դէմ ապստամբած ըլլալնուն համար ենթարկուած էին ծանօթ խստութեանց, եւ կը յիշեցնէր թուրքերուն, թէ ջարդերը, Թուրքիոյ մէջ, լոկ այս պատերազմին տարիներում յատուկ բաներ չէին, թէ անկէ առաջ ալ տեղի ունեցած էին բոլոր հպատակ ազգութեանց դէմ, շատ հեռաւոր ժամանակներէ սկսեալ: Ծանուցագիրը կը յայտնէր նոյն ատեն, թէ Գերագոյն Խորհուրդը չի հաւանիր ո՜չ մէկ էական մաս փոխել դաշնագրէն, եւ թէ թուրքերուն 10 օր պայմանւսժամ կու տայ իրենց հաւանութիւնը յայտնելու:

Պ. Վէնիզէլոսի հետ մեր տեսակցութեան միջոցին այն տպաւորութիւնը կրած էինք, թէ 10 օրուան այդ պայմանաժամը պիտի տրոփ ստորագրելու համար, բայց երբ Պ. Պէրթլօն տեսանք, հասկցանք, թէ լոկ իրենց հաւանութիւնը յայտնելու համար էր այդ պայմանաժամը: Թուրքերը ծանուցագիրը ստանալէն ետք, 10 օր միջոց ունէին այո կամ ոչ ըսելու համար: Իսկ ստորագրութիւնը, որ անշուշտ խել մը ձեւակերպութեանց կարօտ է, կը մնար աւելի ետքի: Պ. Ահարոնեանի հետ տեսնուեցանք Դաշնակից երկիրներու կարգ մը պատուիրակներուն հետ: Այս բոլոր տեսակցութեանց ընթացքին մեր առաջին հոգը եղաւ հասկնալ, թէ պատրաստուած Հիշատակագիրը կարելի՞ էր Գերագոյն Խորհուրդին տալ արդիւնատր ելքի մը ապահովութեամբ: Պարզեցինք իրենց, թէ դաշնագիրը շատ կէտերու մէջ չէր գոհացներ մեզ, թէ պէտք կար անհրաժեշտ սրբագրութիւններու, քանի որ նախապէս ո՜չ մէկ մասնակցութիւն ունեցած էինք անոր խմբագրութեան: Բոլորն ալ ըսին, թէ անկարելի է բան մը փոխել տալ, եւ նոյնիսկ խորհուրդ տոփն, որ Յիշատակագիրը չներկայացնենք Գերագոյն Խորհուրդին: Աւելցուցին նաեւ, որ ատիկա վատ տպատրութիւն պիտի ընէ: Այդ միջոցին ստացանք Նորատունկեան էֆենտիի հեռագիրը, որ հողային պահանջմանց մասին սրբագրութիւն մը ընել կը յանձնարարէր «Խարբերդի սահմանակից հողամասերու» պարբերութեան յաւելմամբ, ծանուցանելով նոյն ատեն, թէ Յիշատակագրին մէկ լրացեալ օրինակը յանձնուած է փոսթին: Եղած փոփոխութիւնները եւ յաւելամները շատ լաւ էին. խնդիրը ներկայացուած էր աւելի ամբողջական կերպով մը: Բայց, ինչպէս ըսի, վարանումի մէջ էինք այնտեղ, պէ՞տք էր