Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/764

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տալ Յիշատակագիրը, թէ՞ ոչ: Ի վերջոյ, Պ. Ահարոնեան, Տոքթ. Նեւրուզ, Զօրավար Կորկանօֆ եւ ես պզտիկ խորհուրդ մը ըրինք, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պ. Յանըմեան, եւ որոշեցինք չտալ, քանի որ մեր տեսած բոլոր անձնաւորութիւններն ալ այն կարծիքը յայտնած էին, թէ ատիկա յոոի տպաւորութիւն մը պիտի գործէ Դաշնակիցներուն վրայ:

Շաբաթ օրը ես մեկնեցայ, եւ Փարիզ դարձիս իմացայ, որ թուրքերը նոր ծանուցագիր մը տուեր են. թերթերն ալ հրատարակեցին, թէ դաշնագիրը պիտի ենթարկուի կարգ մը փուիոխութեանց: Անձնապէս չեմ կարծեր, որ այդ փոփոխութիւնները հիմնական բաներ ըլլան, անշուշտ անոնք են, որոնց մասին Պ. Վէնիզելոս խօսած էր մեզի եւ որոնք չեն հետաքրքրեր մեզ:

Ահա այս կացութեան մէջն ենք այսօր: Թուրքերը 10 օր պիտի ունենան պատասխանելու երբ ծանուցագիրը ստանան: Եթէ ընդունին՜ բան մը չենք կրնար ընել եւ կամ միակ դուռ մը միայն բաց կը մնայ այլեւս մեր առջեւ, այն է դաշնագրին տրամադրութեանց մեկնութեան ապաւինիլ, խնդրելով որ այս կամ այն տրամադրութիւնը մեզի ի նպաստ մեկնուի: Այդ պարագային տարակոյս չկայ, որ պատրաստուած Յիշատակագիրը կրնայ իր օգուտն ունենալ: Իսկ եթէ թուրքերը մերժեն, այն ատեն Արեւելքի հարցը նոյնութեամբ սեղանի վրայ կը դրուի, եւ կրնանք ամեն յոյս ունենալ, թէ մենք ալ կը յաջողինք ի նպաստ մեզի փոփոխութիւններ մտցնել դաշնագրին մէջ: Այնպէս կը թուի, թէ թուրքերը պիտի մերժեն ստորագրել:

Փարիզ վերադարձիս իմացայ, որ բացակայութեանս միջոցին Պ. Ռոպէր տը Քէ թէլէֆօն ըրեր եւ ուզեր է զիս տեսնել, յանձնարարելով, որ դարձիս անպատճառ լուր տան ինծի: Անցեալ ձմեռուընէ ի վեր չէի տեսած զինքը: Երկար տեսակցութիւն մը ունեցայ իրեն հետ, եւ այդ տեսակցութեան միջոցին Պ. Ռոպէր տը Քէ յայտնեց, թէ ինք համոզուած է, որ թուրքերը չպիտի ստորագրեն դաշնագիրը: Գիտէք, որ անձամբ տեսնուած ըլլալով Մուսթաֆա Քէմալի հետ, Պ. տը Քէ կրնար շատ լաւատեղեակ ըլլալ այս մասին: Մեր տեսակցութեան միջոցին Պ. տը Քէ յայտնեց նաեւ, թէ ֆրանսացիք ոեւէ գաղտնի դաշնագիր կամ համաձայնութիւն չեն կնքած թուրքերուն հետ, թէ ամբողջ եղածը այն զինադադարի պայմանագրութիւնն է, որ ծանուցուեցաւ եւ որ արդէն ամեն ոյժ կորսնցուցած է այսօր: Իսկ Կիլիկիան պարպելու հարցին նկատմամբ ըսաւ, թէ առ այժմ Ֆրանսա միտում չունի լքելու այն կէտերը, որոնց մէջ համախմբած է իր ոյժերը:

Նորատունկեան էֆենտի. Ամանոսի խնդրին վրայ ալ խօսեցա՞ք:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Այո՛, բայց Պ. տը Քէ, որ երկար ատենէ ի վեր մեկնած է, շատ ստոյգ տեղեկութիւններ չունէր: Չի կարծեր, որ մեծ բան մը ըլլայ. ըսաւ թէ թերեւս մաս մը հայեր այդտեղ իրենք իրենց գլխուն անկախութիւն յայտարարած ըլլան: Հարցուցի, թէ Ֆրանսա չի՞ հովանավորեր այդ շարժումը, քանի որ վերջերս մտադիր էր սուրիական դաշնակցային վարչութիւն մը հաստատել, վարչութիւն որուն մէջ ինչպէս արաբ, այնպէս ալ հայ շրջանակ մը կրնայ գոյութիւն առնել: Պ. տը Քէ սկեպտիկ է. մանաւանդ որ կը կարծէ, թէ այդ շարժումը սկսած է Իսկենտէրունի հարաւային կողմը ճէպէլ Մուսայի մէջ, որ դժուար թէ հայկական շրջանակ մը դառնայ:

Ձայներ. Սխալ է:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Ամեն պարագայի մէջ Պ. տը Քէ տեղեկութիւն չունէր եւ չի կարծեր, որ ֆրանսական հովանաւորութեամբ սկսուած շարժում մը ըլլայ եղածը:

Պ. Մ. Չօպանեան. Թէրզեան Կաթողիկոսի դիմումը զոր թերթերը ծանուցեր էին, ի՞նչ պայմաններու մէջ եղաւ:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Տարօրինակ եւ անակնկալ բան մըն էր որ եղաւ: Նոյնիսկ լուր ելաւ, թէ միասին դիմում ըրեր ենք, բայց մենք տեղեկութիւն անգամ չունէինք: Սբա գտնուած ամբողջ ատեննիս զինքը բնաւ չտեսանք: Վերջին օրը ցերեկուան մօտ երբ Գերագոյն Խորհուրդը գումարուելու վրայ էր. ընդհանուր քարտուղար Պ. Ռոմէնժաքմէնի քովն էի, երբ յանկարծ կարմիր տարազով