Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/765

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

եկեղեցական մը ներս մտաւ: Տեսայ, որ Թէրգեան Կաթողիկոսն է: Իսկոյն իմ մօտս եկաւ, ըսաւ. թէ քանի օր է Սբա կը գտնուէր, բայց հասցէս չգիտնալուն չէր կրցած ինծի լուր տալ: Մինչդեռ ամէնէն դիփին բանն էր մեր հասցէն գտնելը: Կաթողիկոսն աւելցուց, թէ եկած է կարգ մը անձնաւորութիւններ տեսնելու եւ Կիլիկիոյ խնդիրը հետապնդելու: Չմոռնամ ըսելու, որ ինքզինքը կը ներկայացնէր իբր Կիլիկիոյ հայոց կաթողիկոս: Պզտիկ ծանուցագիր մըն ալ պատրաստած էր Գերագոյն Խորհուրդին տրուելու համար, մէկ օրինակն ալ ինծի յանձնեց: Ստոր մէջ պարզապէս կը խնդրէ, որ Կիլիկիոյ ժողովուրդին գոյութիւնը ապահովոլի Ֆրանսայի պաշտպանութեամբ:

Նորատունկեան էֆենտի. Պատրաստուած Յիշատակագիրը կրնայ իր օգտակարութիւնը ունենալ յառաջիկային, որովհետեւ կան երեք պարագաներ, որոնցմէ կրնանք յուսալ մեզի նպաստաւոր ւիովտխութիւններ դաշնագրին տրամադրոլթեանց նկատմամբ: Առաջինը դաշնագրին գործադրութեան դրուելու բրոթոքոլին պատրաստութեան միջոցին: Եթէ նոյնիսկ թուրքերը հաւանին ստորագրելու, բնականաբար գործադրութեան եղանակ մը պիտի որոշուի, եւ այդ առթիւ կրնայ ստորագրել protocole d’execution մը, որ առիթ կու տայ մեր այս կարգի պահանջմանց նկատառման: Երկրորդ առիթն է, ըստ այս դաշնագրութեան մէկ յօդուածին, յաւելուածական դաշնագրութիւններ կազմելու իրաւունքը: Իսկ երրորդ առիթ մը Դաշնագրին ինչ-ինչ տրամադրութեանց մասին Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ տրուելիք մեկնութիւնն է, որմէ կարելի է օգտուիլ, եւ եթէ Գերագոյն Խորհուրդը ուզէ, կրնայ, առանց նոյնիսկ թուրքերուն բան մը հարցնելու, մեր պահանջմանց նպաստաւոր մեկնութիւն մը տալ այդ տրամադրութեանց: Ասոնցմէ դուրս չորրորդ հաւանականութիւն մըն ալ կը ներկայանայ մտքիս: Գտնելու եղանակ մը, որ փութացնէ նախագահ Ուիլսոնի իրաւարարութեան վճիռը, նկատի առնելով, որ ձմեռը վրայ պիտի գայ, եւ եթէ իրաւարարութիւնը շուտով չըլլայ, երկար ամիսներու կորուստը շատ սուղի պիտի նստի մեր ժողովուրդին, որ արդէն իսկ ծանրագոյն թշուառութեան մը մատնուած է: [Արդեօք կարելի չէ՞ միջոց մը խորհիլ, որ շուտ կատարուի իրաւարարութիւնը: Դաշնագրին 89-րդ յօդուածը կ՚ըսէ, թէ Թուրքիա եւ Հայաստան նախագահ Ուիլսոնի իրաւարարութեան կ՛ենթարկեն ծանօթ չորս նահանգներուն մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմաններում որոշումը, ինչ որ կ՚ենթադրէ թէ որքա՛ն հայոց, այնքան նաեւ թուրքերում հաւանութիւնը անհրաժեշտ է որպէսզի նախագահ Ուիլսոն տայ իր վճիռը: Արդ, եթէ կարելի ըլլայ դաշնագրին այդ յօդուածէն Թուրքիոյ անունը հանել, այն ատեն այլեւս թուրքերու հաւանութեան խնդիր չի մնար ել նախագահ Ուիլսոն կրնայ առանց աւելի երկարաձգելու յայտնել իր վճիռը: Չեմ ըսեր, թէ ասիկա դիւրին բան մըն է, որովհետեւ տարակոյս չկայ, որ այս տեսակ փոփոխութիւն մը կատարել տալու համար անհրաժեշտ է ունենալ բոլոր Դաշնակից պետութեանց հաւանութիւնը: Բայց կը խորհիմ, թէ արդեօք կարելի չէ* գոնէ փորձ մը ընել այս ուղղութեամբ]:[1]

Պօղոս Նուպար Փաշա. Որոշ կերեւայ այսօր, թէ Դաշնակիցները համաձայն են կէտի մը մասին, այսինքն թէ նախագահ Ուիլսոնի իրաւարարութիւնը պէտք է տեղի ունենայ դաշնագրին ստորագրութենէն ետք: Հետեւաբար, հարկ պիտի ըլլայ սպասել մինչեւ ստորագրութիւնը, որով ոչինչ կարելի է ընել Ձեր առաջարկած ուղղութեամբ: Բայց եթէ թուրքերը մերժեն դաշնագիրը ստորագրել, անշուշտ այդ պարագային կարելի է աշխատիլ այդ փոփոխութիւնը ընելու համար:

Նորատունկեան էֆենտի. Քիչ մը առաջ, սակայն ըսիք թէ Գերագոյն Խորհուրդը կարգ մը փոփոխութեանց պիտի ենթարկէ դաշնագիրը:

  1. Քառակուսի չւսկերտներու մէջ առնուած հատուածները, այս և յետագայ էջէրուն մէջ, վերջէն ջնջեց Նորատունկեան էֆենտի: