Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/766

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պօղոս Նուպար Փաշա. Այո՛, բայց այդ փոփոխութիւնները պիտի ըլլան թուրքերու կողմէ եղած առաջարկութեանց հետեւանքով: Գալով մեզի, ինչպէս Սբայի մէջ մեր տեսած բոլոր անձնաւորութիւններն ըսին, չենք կրնար փոփոխութեւսն առաջարկ ընել հիմա, քանի որ դաշնագիրը թուրքերուն պարտադրող կողմերէն մէկն ենք: Ուրիշ կէտ մը կայ նկատառութեան արժանի: Դաշնակիցները Սան Ռէմոյի մէջ որոշեցին նախագահ Ուիլսոնի իրաւարարութեան յանձնել ծանօթ նահանգներուն մէջ սահմաններու որոշումը: Անշուշտ այդ միջոցին թուրքերուն հաւանութեան պէտք չտեսան: Հիմա ալ կարելի ըլլայ թերեւս իրաւարարութիւնը ընել եւ թուրքերուն ըսել, որ եղաւ:

Նորատունկեան էֆենտի. Դժբախտաբար, Դաշնակիցները համամիտ չեն այդ մասին:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Այո՛, իրաւունք ունիք:

Նորատունկեան էֆենտի. [Այս օրուան կացոլթիւնը սա է, որ թուրքերը կը մերժեն սկզբունքով իրաւարարութիւնը, քանի որ Ռուսական ՀայաստանԷն դուրս Հայաստան ճանչնալ չեն ուզեր: Եթէ կարելի ըլլայ 89-րդ յօդուածին մէջէն ջնջել Թուրքիոյ անունը, այն ատեն կարելի է իրաւարարութիւնը ընել տալ: Այս տեսակ լուծում մը անհրաժեշտ է, որպէսզի ժամ առաջ կատարուի իրաւարարութիւնը: Յետածգում մը աղէտ մըն է մեր ժողովուրդին համար, պէտք է որ ժողովուրդը օր առաջ իր հողին վրայ ըլլայ, գաղթականները ազատին թափառական կենցաղէն, կարենան հաստատուիլ, ի վիճակի ըլլան աշխատելու, արդիւնաբերելու]:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Եթէ թուրքերը մերժեն ստորագրել, ինչպէս Պ. տը Քէ կը կարծէ, թէ պիտի մերժեն, այն ատեն կարելի է ատոր վրայ խորհիլ:

Նորատունկեան էֆենտի. Դժբախտաբար՝ ժամանակը կ՛անցնի:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Ի՞նչ կրնանք ընել:

Պ. Ա. Չօպւսնեան. Նախորդ նիստին, «Պահակ»-ի մէկ յօդուածին առթիւ առաջարկ մը ըրի, որ դիմում ըլլայ Պ. Վէնիզէլոսի Թրքահայաստանի գրաւման համար: Այսօր ատենագրութեան ընթերցումէն հասկցայ, որ ժողովը մերժեր է այս առաջարկը, Մինչդեռ այդ տպաւորութիւնը չէի ունեցած նախորդ նիստին: Ամեն պարագայի մէջ, կը կրկնեմ այդ առաջարկութիւնս: Հետաքրքրական պիտի ըլլար անշուշտ գիտնալ, թէ Պատուիրակութեան Նախագահը ի՞նչ կը խորհի այդ մասին:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Սբայի մէջ Պ. Վէնիզէլոսի հետ շատ աւելի երկար խօսեցանք այն բոլոր հաւանականութեանց մասին, որոնք կրնային ծագիլ: Յունական բանակներու յաջողութիւնը շնորհաւորելով, մաղթեցի, որ շուտով տարածուին մինչեւ էնկիւրի: Պ. Վէնիզէլոս ըսաւ, թէ այդքան հեռու չպիտի երթան, որովհետեւ բաւարար ոյժ չունին: Թերեւս մինչեւ Պրուսա յառաջանանք, ըսաւ, եւ անկէ ի վեր իմացանք, որ մտեր են արդէն Պրուսա: Պ. Վէնիզէլոս յիշեցուց, թէ Թրակիոյ մէջ ալ գործ ունին, եւ թէ քանի որ Գերագոյն Խորհուրդը 10 օրուան պայմանաժամ տուած է թուրքերուն, այդ 10 օրերէն պիտի օգտուին յոյները Թրակիոյ մէջ ալ իրենց գործը լրացնելու համար: Հարցուցի, թէ ի՞նչ պիտի ընեն, եթէ թուրքերը մերժեն ստորագրել: Այն ատեն, ըսաւ, թերեւս պէտք ըլլայ որ յառաջանանք, եւ ատոր համար անհրաժեշտութիւն պիտի ծագի նոր ոյժեր ղրկելու, թերեւս 3-4 զօրաբաժին, այսինքն' մօտաւորապէս 60 000 զօրք: Հարցուցի նաեւ, թէ Կիլիկիա ալ պիտի երթա՞ն: Ո՛չ, պատասխանեց, բայց թերեւս յառաջանանք մինչեւ էնկիւրի: Հարցուցի նաեւ, թէ մտադի՞ր են գոնէ Տրապիզոնէն զինուոր ցամաք հանել, եթէ դէպքերը անհրաժեշւհ դարձնեն այդ կողմէն կաւոարուելիք գործոդութիւն մը: Այս մասին հաստատական պատասխան տուաւ, յարելով, թէ ինք բնաւ յաւակնութիւն չունի Տրապիզոնի մասին, զոր երբեմն սիրով Հայաստանի թողուց, վստահ ըլլալով, թէ հայերը պիտի գիտնան գնահատել այս զոհողութիւնը: Ապահովցուցի զինքը, թէ մենք բնաւ ցանկութիւն չենք յայտնած Տրապիզոնը անպատճառ ունենալու, Եւ թէ Ռիզէն ու Աթենէն կը բաւեն մեզի Սեւ Ծովուն վրայ: