Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/767

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տոքթ. Նեւրուզ. Պ. Վէնիզէլոս Պ. Ահարոնեանի ըսաւ, որ եթէ Տրապիզոն զինուոր հանելու պէտք ծագի. ինք մինակը չի կրնար այդ արշաւանքին ձեռնարկել, եթէ հայկական բանակն ալ չշարժի դէպի էրզրում, եւ հարցուց, թէ հայերը գոնէ մէկ զօրաբաժին կրնա՞ն տրամադրել: Պ. Ահարոնեան պատասխանեց, թէ հայկական պետութիւնը կրնայ աւելին ալ տրամադրել: Զօրավար Կորկանօֆ աւելցուց, թէ Հայաստան կրնայ ի հարկին 40-50 000 զինոտր տալ:

Նորատունկեան էֆենտի. Անգլիոյ կողմէն ղրկուելիք ռազմանիւթն ու զէնքերը գացի՞ն:

Տոքթ. Նեւրուզ. Պ. Ահարոնեան հարցուց նաեւ, թէ կարելի չէ՞, որ Յունացտանի կառավարութիւնն ալ մաս մը ռազմանիւթ եւ զէնք տայ հայոց: Պ. Վէնիզէլոս պատասխանեց, թէ ատիկա չի կրնար, որովհետեւ իրենք ալ պէտք ունին: Աւելցուց նաեւ, թէ Դաշնակիցները յիմարութիւն կ՛ընեն ոչնչացնելով Գերմանիոյ զէնքերն ու ռազմանիւթերը, մինչդեռ կրնային առնել եւ պէտք ունեցող Դաշնակից փոքր պետութեանց տալ:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. Հարցում Պ. Վ. Թէքէեանի՝ Ամերիկայի մէջ հոգատարութեան խնդրին

նկատմամբ եղած յայտարարութեան մասին

Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշա հակիրճ կերպով մը պատասխանեց այն հարցման, զոր Պ. Վ. Թէքէեան Պատուիրակութեան ուղղած էր Համագումարի Յալիս 5-ի նիստին մէջ հոգատարութեան հարցին նկատմամբ Հանրապետութեան Ամերիկայի ներկայացուցչին կողմէ եղած յայտարարութեան մասին:

Պօղոս Նուպար Փաշա, ժողովիդ յայտնած էի արդէն, թէ երբ Պ. Սվազլըի մէկ հեռագրէն իմացանք, որ Խորէն Եպիսկոպոս եւ Պ. Փաստրմաճեան, Պ. Գարտաշեանի հետ ծանօթ յայտարարութիւնը ըրած են Ամերիկայի ծերակուտականներու, իսկոյն Միացեալ Պատուիրակութեանց մէկ նիստին մէջ որոշեցինք հերքել եղած յայտարարութիւնը: Նոյն ատեն Ազգ. Պատուիրակութեան Ամերիկայի ներկայացուցիչէն հեռագրով խնդրեցի մանրամասնութիւններ, ել Պ. Սվագլը ի պատասխան ղրկեց հեռագիր մը, որ կարդացուեցաւ այստեղ: Այդ հեռագրին մէջ Պ. Սվազլը կը հաղորդէր, թէ Պ. Փաստրմաճեան կը հերքէ ըսուածը: Ստոր վրայ հեռագրեցի Պ. Սվազլըի, թէ ինչպէ՞ս առանց խնդիրը խորապէս քննելու, այս աստիճան ծանրակշիռ լուր մը հաղորդած է: Ստոր վրայ Պ. Սվազլը պատասխանեց, թէ ինք թեթեւօրէն չէ հեռագրած, այլ հեռագիրը գրած է այն ատեն միայն, երբ ամերիկացի ծերակուտականներ, մասնաւորաբար Պ. Սմիթ, հաւաստած են իրեն, թէ Պ. Փաստրմաճեան իրապէս յայտարարած է, որ հայերը ամերիկեան հոգատւսրութիւնը չեն ուզեր, որուն վրայ իրենք ալ, Օերակոյտին մէջ, նոյնը կրկնած են: Իրողութիւնը այս է: Պ. Փաստրմաճեան հիմա կը պնդէ, թէ ճիշդ չէ ծերակուտականներում ըսածը, թէ ինք նկատելով որ Հայաստանի հոգատարութիւնը չպիտի ընդունուի, Ամերիկայի օգնութիւնը ուզած էր հայկական պետութեան համար:


2. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշա պարզեց Պատուիրակութեան տեսակէտները Տիրէքթիւներու Հանձնաժողովին այն առաջարկութեանց մասին, զորս ժողովը քուէարկած էր, ինչպէս նաեւ այն միւս առաջարկութեանց նկատմամբ, զորս ժողովն ընդունած էր նախորդ նիստերու ընթացքին: