Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/768

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պօղոս Փաշա Տիրէքթիւներու Յանձնաժողովին 9-րդ առաջարկութեան մասին անգամ մըն ալ կրկնեց, թէ Պատուիրակութեան համար անկարելի է ուղղակի բանակցաթիւն կատարել Երեւանի կառավարութեան հետ, քանի որ կառավարութիւնը չէր իսկ պատասխանած Պատուիրակութեան երբ այս վերջինը ծանուցած էր, թէ կ՛ընդունի իր առաջարկութիւնները:

ժողովը որոշեց այս մասին ազատ թողուլ Պատուիրակութիւնը, որ յարմար առիթ մը ներկայացած միջոցին, կամ ըստ իրեն պատշաճ նկատուող ոեւէ միջոցով աշխատի դարձեալ այղ միութիւնը գոյացնելու: Այս մտածմամբ կարգ մը բարեփոխութեանց ենթարկուեցաւ Տիրէքթիւներու Յանձնաժողովին 9-րդ առաջարկութիւնը եւ ստացաւ հետեւեալ վերջնական ձեւը.

«7-րդ. Միացեալ կաոավարութիւն. Այն պարագային, որ Հայկական կառավարութիւնը, մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը ետ չառնէ իր մերժումը Պ. Խատիսեանի Յունուար 25-ին ստացուած նամակին առաջարկութեանց հիման վրայ Միացեալ կառավարութիւն կազմելու մասին. Ազգային Պատուիրակութիւնը պիտի կրնայ ձեռնարկել Արեւմտահայ նոր Համագումարի մը ընտրութեան, որ ձեռք պիտի առնէ անհրաժեշտ միջոցները արեւմտեան հայոց շահերուն պաշտպանութեան համար»:

Այս ձեւով քուէարկութեան դրուելով, 13 պատգամաւորներու ներկայութեան, առաջարկութիւնը ընղունուեցաւ միաձայնութեամբ:

Պօղոս Նուպար Փաշայի առաջարկութեան վրայ, բարեփոխութեան ենթարկուեցաւ նաեւ Տիրէքթիւներու Յանձնաժողովին 8-րղ առաջարկութիւնը եւ ստացաւ հետեւեալ վերջնական ձեւը.

«8-րդ. Կամաւորական բանակ. Պատուիրակութիւնը պէտք է դիմէ Դաշնակից կառավարութիւններուն կամ անոնցմէ մէկուն, խնդրելով, որ իրեն օժանդակեն արեւմտահայ կամաւորական զօրամասեր կազմելու, Տաճկահայաստանի գրաւման գործածուելու համար: Այս զօրամասերը կը հաւաքոփն ու կը մարզուին ոեւէ base-ի մը մէջ, ու երբ պատրաստ ըլլան, կը գործածոփն ըստ Հանրապետութեան բանակին Սպայակոյտի հրահանգներուն»:

Այս ձեւով քուէարկութեան դրուելով, 13 պատգամաւորներու ներկայութեան, առաջարկութիւնը ընդունաեցաւ միաձայնութեամբ:

Թէ՝ Տիրէքթիւներու Յանձնաժողովին մնացեալ առաջարկութեանց եւ թէ՝ Համագումարին կողմէ քուէարկուած միւս առաջարկութեանց մասին Պօղոս Նուպար Փաշա յայտնեց, թէ կը յարմարին Պատուիրակութեան տեսակէտներուն:

Կովկաս գտնուող արեւմտահայ փախստականներու համար կատարուելիք փոխառութեան հարցն ալ, որու մասին Համագումարն իր Յուլիս 9-ի նիստին մէջ քուէարկած էր Պ. Չօպանեանի մէկ առաջարկութիւնը, քննուեցաւ նոյն կերպով, եւ Պատուիրակութեան Նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշա խոստացաւ գործադրել զայն, երբ նպաստաւոր առիթ մը ծագէր: Այդ առթիւ, Պօղոս Փաշա յայտնեց, թէ քանի մը օր առաջ այցելութիւնն ընդունեց Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց Յանձնախումբին ընդհանուր քարտուղար Մր. Վեքրէի: Մր. Վեքրէ, որ աջ բազուկն է նոյն Յանձնախումբի նախագահ Տոքթ. Պարթընի, Երեւան երթալու համար անմիջապէս մեկնելու ստիպուած, խնդրեր է իրմէ, որ մինչեւ կայարան իրեն ընկերանայ: ճամբան, յարեց Պօղոս Փաշա, Մր. Վեքրէ յայտնեց, թէ Մերձաւոր Արեւելքի անունով հաւաքուած նպաստի գումարը հասած է 50 միլիոն տոլաոի, որուն կարեւորագոյն մասը պիտի յատկացուի հայ ժողովուրդին պէտքերուն, եւ թէ ինք Երեւան կը մեկնի այդ գումարին գործածութեան պայմանները ուսումնասիրելու համար: Մր. Վեքրէ շատ համակրութեամբ խօսէր է հայոց մասին, սրտապնդելով Պօղոս Փաշան, եւ յայտնելով, թէ մինչեւ Սեպտեմբեր պիտի վերադառնայ, գործնական ճամբա մը մէջ դնելու համար ամերիկեան նպաստի գործը: