Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/769

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

եերկայ պատգամատրները միաձայնութեամբ պաշտօն յանձնեցին Դիւանին, որ յանուն Համագումարին, մասնաւոր հեռագրով մը երախտագիտութիւն յայտնէ Մերծաւոր Սրեւելքի Նպաստամատոյց Յանծնախումբի Նախագահ Տոքթ. Պարթընի եւ, անոր միջոցաւ, բովանդակ ամերիկեան ժողովուրդին:

Համագումարը կարծիքներու փոխանակութիւն մը անեցաւ Ազգ. Պատուիրակութեան յառաջիկայ գործունէութեան համարատոտւթեան մասին, եւ ի վերջոյ, միաձայնութեամբ ընդունեց հետեւեալ որոշումը.

«Համարատոտւթիւն.- Ազգ. Պատուիրակութիւնն իր համարատուութիւնը պիտի ընէ Հայաստանի Միացեալ կառավարութեան, եթէ կազմուած ըլլայ. իսկ եթէ կազմոսսծ չըլլայ եւ պէտք ծագի նոր Համագումար հրափրելու, համարատուութիւնը պիտի ընէ այդ նոր Համագումարին»:

Դուրեան Արքեպիսկոպոս այս առթիւ փափաք յայտնեց, որ Պատուիրակութիւնը ասկէ ետք քիչ մը աւելի տեղեակ պահէ հեռատր վայրեր գտնոտդ հայերը, ինչպէս, օրինակի համար, Պոլսոյ հայութիւնը, օրուան քաղաքական անցուդարծերուն, որոնց մասին ամեն հայ միշտ անձկութեամբ կը սպասէ մանրամասնութեանց:

Պօղոս Նուպար Փաշա խոստացաւ գոհացում տալ այս բաղձանքին, եւ արդէն, ըսաւ, Ս. Պատրիարքին մեկնելէն վերջ շաբաթը անգամ մը կանոնաւոր կերպով տեղեկութիւն կու տամ իրեն:

Համագումարը, 12 պատգամաւորներու ներկայութեան, միաձայնութեամբ հետեւեալ որոշումը անցուց այս առաջարկութեան մասին.

«Յարաբերութիւն ժողովուրդին հետ.- Ազգ. Պատուիրակութիւնը, կարելիութեան սահմանին մէջ, կանոնաւոր կերպով տեղեկութիւն կու տայ քաղաքական անցուդարձերոլ մասին, հայ գաղութներու կեղրոնական պատասխանատու մարմիններուն»:

Պ. Ա. Թէրզիպաշեան. Բաժնուելէ առաջ՜ պիտի առաջարկփ, որ Համագումարը, ընդհանուր արեւմտահայոց ներկայացուցիչը եղող Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահին իրաւունք տար յանուն Թուրքիոյ հայոց ստորագրելու դաշնագիրը:

Պ. Ա. Չօպանեան. Ուրախ եմ, որ Պ. Թէրզիպաշեան կը վերադառնայ այս հարցին, զոր ես ինքս դրի Համագումարին առջեւ եւ զոր շեշտեցի մէկ քանի անգամ: Անհրաժեշտ է արդարեւ, որ ինչքան ալ ըլլայ Թրքահայաստանէն հայ պետութեան կցուելիք մասը, թրքահայութեան ներկայացուցիչը ստորագրէ դաշնագիրը, որպէսզի որոշ ըլլայ, թէ Թրքահայաստանի մէկ մասին Ռուսահայաստանի կցումը չէ, որ տեղի կ՚ունենայ, այլ Դաշնակիցներու կողմէն անկախութիւն կը տրոփ ուղղակի Տաճկահայաստանին. թէպէտ մասամբ, ինչպէս Ռուսահայաստանին, եւ թէ Միացեալ Հայաստանի մը այդ կերպով կազմուելուն թրքահայութիւնն ու ռուսահայութիւնը իրենց ներկայացուցիչներով անգամ մը եւս այդ միացման համար իրենց կամքը յայտնած են:

Նորատունկեան էֆենտի. Այս խնդիրը արդէն անգամ մը եկաւ ժողովին: Ըսի, որ Համագումարին կողմէ Պատուիրակութեան թուղթ տրուելով խնդիրը չի լմննար, որովհետեւ, օրինական տեսակէտով, պետութիւնները չեն կրնար ընդունիլ: Դաշնագրի ստորագրութիւնը կ՚ըլլայ պետութեան մը անունով եւ պետութեան մը կողմէ տրուած իրաւասութեան գրով: Ո՛չ Համագումարը, ո՛չ ալ Պոլսոյ Համազգային ժողովը պետութիւններ չեն, որոնց տալիք իրաւասութեան գիրը օրինապէս ընդունուեր: Արդէն դաշնագիրն ալ շատ որոշ է այս մասին: Սկիզբը դրուած է ստորագրող կողմերու անունը: Հայոց համար այդ իրաւունքը տրուած է Հայկական Հանրապետութեան, որուն կողմէ իրաւասութեան գիր պիտի ունենան այն անձերը, որոնք պիտի ստորագրեն դաշնագիրը: