Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/770

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պօղոս Նուպար Փաշա. Ասոր մէջ անձի խնդիրը պէտք է ի բաց թողուլ եւ նկատի առնել լոկ սկզբունքի տեսակէտը: Եթէ Համագումարը հոգ չընէր, որ թրքահայերում ալ անունով ստորագրուի դաշնագիրը, լաւ: Բայց կը կարծեմ, թէ թրքահայերում ալ անունով ստորագրուիլը անհրաժեշտութիւն մըն է, որուն համար ամեն բան պէտք է փորձել: Մեր խնդիրը շատ անբնական, բոլորովին բացառիկ պայմաններու մէջ հետապնդուեցաւ: Մինչեւ այսօր ունեցանք երկու ներկայացուցչութիւն, մէկը Թուրքիոյ հայոց, միւսն ալ Հանրապետութեան անունով: Այս բացառիկ դրութիւնը ընդունեցին պետութիւնները, անանկ որ կարելի եղաւ դիմումներ ընել, գիրեր գրել, խօսակցութիւններ ունենալ այդ երկուութեամբ: Թրքահայոց շահը կը պահանջէ, որ այս զանազանութիւնը երեւայ եւ նուիրագործուի նաեւ դաշնագրին մէջ, ստորագրութեան առթիւ: Ասիկա նախազգուշական միջոց մըն է թրքահայերում համար: Եթէ հիմակուց իրենց դատին առանձնայատկութիւնը հռչակուի, վաղը միւս օր, երբ պարագաները այնպէս բերեն, որ վերստին աշխատելու պէտք ծագի իրենց փրկութեան համար, իրենց ներկայացուցիչները իրաւունքի հիմ մը ունենան: Կը կրկնեմ, որ պարզ զգուշական միջոց մըն է ասիկա, չենք գիտեր, թէ պիտի ընդունուի՞ արդեօք տերութեանց կողմէ. բայց վերջապէս կրնանք փորձել:

Պ. Ա. Չօպանեան. Եթէ ասիկա չընենք, Պ. Ահարոնեան պիտի ստորագրէ մինակը, ինչ որ պիտի նշանակէր, թէ Ռուսիոյ հայերը իրենց կը միացնեն Թուրքիոյ հայերը, մինչդեռ, ընդհակառակը, այս վերջիններն են, որ կը միանան Հանրապետութեան:

Նորատունկեան էֆենտի. Մինչեւ այսօր գոյութիւն ունեցող անբնական ու բացառիկ դրութիւնը կը ղադրի գոյութիւն ունենալէ Դաշնագրին ստորագրութեան օրը: Կը զարմանամ, որ ստորագրութեան այս խնդիրը կը շփոթուի Հայկական Դատին հետապնդութեան խնդրին հետ: Երկուքը իրարմէ բոլորովին տարբեր բաներ են: Մինչեւ ստորագրութիւնը կարելի է նոյնիսկ ամէնէն անբնական եղանակներով հետապնդել մեր Դատը, բայց դաշնագրի ստորագրութիւնը տեղի կ՚ունենայ որոշ բրոթոքոլի մը համաձայն, որ իր անխախտ կանոններն ունի եւ որոնք պէտք է տառապէս յարգուին ստորագրութեան միջոցին: Եթէ դաշնագիրը ստորագրելու համար իրաւասութեան գիր մը տանք Համագումարին կողմէ,[1] կրնայ հարցուիլ, թէ Համագումարը ինք ի՞նչ իրաւասութիւններ ունի առ այդ, քանի որ պետութիւն մը չէ եւ իր կազմութիւնը թերի է: Գիտնալով, թէ ըստ միջազգային օրէնքներու, ի՛նչ են «բրոթոքոլէս» կանոնները եւ թէ տարեգրութեանց մէջ չկայ նախընթաց օրինակը, ես չեմ կրնար այս տեսակ թուղթ մը ստորագրելու հաւանիլ: Եթէ անպատճառ կը փափաքիք, որ այդ թուղթը տրուի Պատուիրակութեան, ուրիշ մը ստորագրելու է զայն, որովհետեւ չեմ ուզեր, որ ըսեն, թէ ինչպէ՞ս Նորատունկեան ալ, որ գիտէր այս մասին գոյութիւն ունեցող բոլոր իրաւական կանոնները, ինքգինքին ներեր է այդ թուղթը ստորագրելու: Այս տեսակ իրաւունք մը Փաշային կրնայ տալ լոկ Հայկական կառավարութիւնը:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Դաշնագրին յանձնման արարողութեան հրաւէրին առթիւ սակայն կարելի եղաւ արժեցնել թրքահայոց անունով առանձին ներկայացուցչութիւն մը: Արդէն անգամ մը այս ժողովին մէջ պատմած եմ, թէ ինչպէ՞ս եղաւ այդ հրաւէրը: Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն թէլէֆօն եղած էր ինծի, թէ հրաւէրը ստացա՞ք: Չէի գիտէր խնդիրը, ելայ գացի Քէ տ՚Օրսէ: Այնտեղ յայտնուեցաւ, թէ հրաւէր մը ղրկուած է դաշնագրին յանձնման ներկայ գտնուելու համար, բայց այդ հրաւէրը գացեր է լոկ Պ. Ահարոնեանի: Ատոր վրայ իրենց բացատրեցի, թէ Հանրապետութեան դատէն անկախաբար գոյութիւն ունի թրքահայ դատ մը, թէ ես այդ դատը կը հետապնդեմ եօթ տարիէ ի վեր, պետութեանց հաւանութեամբ, եւ առ այդ

  1. Այստեղ ըսաւ նաև. «... պարզապէս ծիծաղելի կը դառնանք»: Վերջէն ջնջել տուաւ այս բառերը: