Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/771

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

իրաւասութեան գիրեր ալ ունիմ, որոնք նոյնպէս ծանօթ են պետութեանց եւ ընդունուած են անոնց կողմէ: Այդ գիրերուն ներկայացումն իսկ բաւեց, որ իսկոյն հրաւէր մըն ալ ինծի ուղղեն:

Պ. Ա. ԹԷրզիպաշեան. Պէտք է վերջապէս պատմական ակտ մը ունենանք ձեռքերնիս, որպէսզի կարենանք ըսել, թէ բան մը ըրինք թրքահայոց համար: Եւ այդ ակտը ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ, եթէ ոչ դաշնագրին ստորագրութիւնը թրքահայոց անունով:

Նորատունկեան էֆենտի. Դաշնագրին յանձնման արարողութեան հրաւէրը եւ դաշնագրին ստորագրութիւնը տարբեր բաներ են եւ տարբեր կանոններու ենթակայ: Կը կրկնեմ, որ ստորագրութեան միջոցին անհրաժեշտ է Հանրապետութեան կառավարութենէն իրաւասութեան գիր մը ունենալ, քանի որ անոր անունով է միայն, որ պիտի ստորագրուի: Միացեալ Պատոլիրակութեան մէկ նիստին մէջ, որուն ներկայ էր նաեւ Պ. Աճէմօֆ, Պ. Ահւսրոնեան տրամադրութիւն յայտնեց, նոյնիսկ ինքնաբերաբար, գրելու այդ մասին Հանրապետութեան կառավարութեան, եւ ես ալ շնորհաւորեցի զինքը. Փաշան ալ համակերպեցաւ այդ օրը: Դարձեալ այս ճամբով պէտք է Հփր մը բերել տանք Փաշային համար, որպէսզի իրապէս կարենայ ստորագրել դաշնագիրը:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Պէտք չկայ կարծեմ ըսելու, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ արդիւնքը: Այո՛ պիտի ըսեն եւ բան մըն ալ չպիտի ընեն: Փորձով գիտենք ասիկա: Մնաց որ եթէ Միացեալ կ՞առավարութիւնը կազմուած չըլլայ, չեմ ուզեր դաշնագիրը ստորագրել Հանրապետութեան անունով: Ես կը ներկայացնեմ թրքահայերը, եւ մինչեւ որ Միացեալ կառավարութիւնը չկազմուի, չեմ կրնար թրքահայոց դատը կապել Հանրապետութեան:

Նորատունկեան էֆենտի. Մեր մեկնակէտը այս խնդրին մէջ պարզ է: Ամէնքս ալ կը փափաքինք, որ Փաշան ստորագրէ դաշնագիրը յանուն թրքահայոց: Բայց պէտք չէ մոռնանք, որ այսօր չենք գտնուիր այն դիրքին մէջ, ուր կը գտնուէինք դեռ քիչ առաջ. Այսօր Հայկական Պետութիւն մը կայ, իրաւապէս ճանչցուած, պետութիւն մը, որ պաշտօնապէս պիտի հրաւիրուի դաշնագիրը ստորագրելու: Ինչպէ՞ս կրնանք այդ պետութեան պաշտօնական ներկայացուցչին քով դնել ուրիշ ներկայացուցիչ մը իբրեւ երկրորդ Հայկական Պետութիւն[1] : Երեք հաւանականութիւններ կան, որոնք կրնան ծագիլ այս պայմաններուն մէջ, եւ զորս պէտք է նկատի առնենք որոշում մը տալէ առաջ: Նախ թուրքերը կրնան մերժել: Երկրորդ նոյն ինքն Հանրապետութեան կառավարութիւնը կրնայ առարկութիւն ընել: Եւ երրորդ Տէրութիւնները կրնան խնդիր հանել, թէ թրքահայոց անունով կազմուած պետութիւն մը չկայ, որպէսզի անոնց ներկայացուցիչը իրաւունք ունենայ դաշնագիրը ստորագրելու: Այս երեք հաւանականութեանց առջեւ ալ հաւասարապէս անգօր ենք:[2] Կարծեմ աւելի խոհականութեամբ վարուած կըլլանք Փաշային յանձնարարելով, որ այս մասին իրաւաբաններու կարծիքին դիմէ եւ անոնց թելադրութեանց համեմատ շարժի: Իմ մասիս, վստահ եմ, թէ բոլորն ալ պիտի ըսեն, որ անկարելի է: Բայց վերջապէս փորձ մըն է, թող ըլլայ: Գալով ստորագրւթեան համար Փաշային պաշտօն տալու խնդրին, ըսի արդէն, թէ Հայ Հանրապետութեան գործակցութիւնն անհրաժեշտ է:

  1. Այստեղ աւելցուց նաեւ. «...մենք որ չունինք այն պաշտօնական հանգամանքը, զոր ունի Հայկական Պետութիւնը, և որ բացարձակապէս անհրաժեշտ է որպէսզի մեր ներկայացուցիչն իրաւունք ունենայ դաշնագիրը ստորագրելու»: Վերջէն ջնջեց:
  2. Այստեղ ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «...ըսի արդէն, որ եթէ ուգէք կ՚ընէք, բայց ես չեմ ստորագրեր, մինչեւ որ Հանրապետութեան կառավարութիւնը չհաւանի»: Վերջէն ջնջեց այս