Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/772

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պօղոս Նուպար Փաշա. Այդ պայմանով չեմ ստորագրեր, եւ պարզեցի արդէն պատճառը: Թող պատասխանատոտւթիւնը առնեն անոնք, որ կը հակառակին:

Պ. Ա. Չօպանեան. Այս Համագումարը մշտապէս Պ. Ահարոնեանի սարսափին տա՞կ պիտի մնայ:

Տոքթ. Նեւրուզ. Քանի որ Պ. Ահարոնեանի անունը մէջտեղ դրուեցաւ, ըսեմ թէ ինչ կը մտածէ ինք անձնապէս: Պ. Ահարոնեան, իր խոստումին համաձայն, կառավարութեան պիտի հեռագրէր, որ Պօղոս Փաշան արտօնեն դաշնագիրը ստորագրելու, բայց այդ օրերուն պոլշեւիզմի վտանգը շատ մեծ էր, լուր չկար Կովկասէն, յայտնի չէր, թէ դէպքերը ի՞նչ ընթացք պիտի առնէին, եւ ետ կեցաւ: Նոյնիսկ Պ. Աճէմօֆ եւ ուրիշ անձնաւորութիւններ խորհուրդ տոփն, որ այդ անորոշ կացութեան մէջ ետ կենայ ոեւէ ձեռնարկ ընելէ: Բայց անձնապէս Պ. Ահարոնեան այն կարծիքը յայտնեց, թէ Կաթողիկոսին եւ Կ. Պոլսոյ Համազգային Խորհուրդին կողմէ Փաշային տրուած իրաւասութեան գիրերը այնքան վաւերական չեն, որքան պիտի կրնար ըլլալ Համագումարին կողմէ տրուելիք իրաւասութեան գիր մ՛ը: Պատճառ մը չկայ, ուրեմն, որ այդ տեսակ գիր մը չտանք Փաշային:

Նորատունկեան էֆենտի. Կը հաւանիմ մէկ պայմանով: Գիրը պատրաստ կըլլայ. Փաշան դիմում կ՚ընէ Գերագոյն Խորհուրդին մօտ, եւ երբ ապահովութիւն ստանայ, թէ Համագումարին իրաւասութեան գրով իրեն իրաւունք պիտի տան դաշնագիրը ստորագրելու թրքահայոց անունով, այդ պարագային կը ստորագրեմ:

Թէ Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահը եւ թէ Համագումարը համամիտ գտնուեցան Նորատունկեան էֆենտիի:

Պ. Տէր-Ստեփանեան այդ մասին կարդաց հետեւեալ առաջարկութիւնը. «Ազգ. Համագումարը «մանտա» կու տայ Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահին որպէսզի այն պարագային, երբ դաշնագիրը նուազագոյն չափով գոհացում տայ արեւմտահայոց պահանջներում, անհրաժեշտ դիմումներն ընէ իրաւունք ստանալու համար դաշնագիրը ստորագրելու յանուն Թուրքիոյ հայոց ներկայացուցիչ Համագումարին:

Միւս կողմէ Համագումարը «մանտա» կու տայ իր Նախագահին, որ այդ նպատակով իրաւասութեան գիր մը յանծնէ, երբ Պատուիրակութեան Նախագահը յաջողի Դաշնագիրը ստորագրելու իրաւունքը ստանալ:

Ն. Տէր-Ստեփանեան»:

Այս առաջարկութիւնը քուէի դրուեցաւ 11 պատգամատրներու ներկայութեան եւ ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ: Համագումարը կարծիքներու փոխանակութիւն մը ունեցաւ Պ. Մ. Պապաջանեանի կողմէ Ցուլիս 9-ի նիստին մէջ բերանացի եղած այն առաջարկութեան մասին, որով անբաւական կը նկատէր Ազգ. Պատուիրակութեան անդամներուն թիլը եւ կը յանձնարարէր իրաւասութիւն տալ Պօղոս Նուպար Փաշայի որպէսզի երբ պարագաները անհրաժեշտ դարձնեն, cooptation-ի դրութեամբ նոր անդամներ աւելցնէ Պատուիրակութեան:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Կը հաւանիմ այս յանձնարարութիւնը՝ եթէ առանց պայմանի տրոփ: Ըսի արդէն, թէ մեծ զոհողութիւն մը ըրի հաւանելով, որ Պատուիրակութեան անդամներուն թիլը 4-ի իջնէ: Չէի կրնար ուրիշ կերպ ընել, որովհետեւ այլապէս անհնար պիտի դառնար ոեւէ համաձայնութիւն Հանրապետութեան Պատուիրակութեան հետ: Համագումարիդ յանձնարարութիւնը կը գործադրենք երբ պէտք ծագի, երբ մանաւանդ նոր անպատեհութիւններ չյայտնոփն այդ պատճառաւ:

Փաշան աւելցուց նաեւ ակնարկելով Նորատունկեան էֆենտիի. «Ինք չուզէր. որ ես ստորագրեմ»: Նորատունկեան էֆենտի պատասխան չտուաւ և չուզեց, որ այդ խօսքն արձանագրոփ: 7օո