Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/773

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Մ. Տէրպէտէրեան. Պատոփրակութեան անդամներուն թիւը չորս ըլլալը բնական կը գտնեմ: Կ՚աոաջարկեմ, որ այդ թիւն անփոփոխ մնայ: Պատոփրակութիւնը կրնայ ուզածին չափ մարդ աւելցնել իրեն, պայմանաւ որ խորհրդականի հանգամանք միայն ունենան:

Պ. Ռ. Որբերեան. Ես այդ կարծիքին չեմ. որչափ անդամ կ՛ուզեն թող աւելցնեն եթէ պիւտճէն կը ներէ:

Պօղոս ևուպար Փաշա. Կը խնդրեմ, որ այդ մանրամասնութիւնները Պատոփրակութեան թողուք: Կը բաւէ, որ Պատոփրակութեան իրաւունք ճանչցուի նոր անդամներ առնելու, եւ Պատոփրակութիւնը պարագաներուն ներած չափով կը գործադրէ այդ իրաւունքը:

Դուրեան Արքեպ. Անշուշտ երկու անդամէ աւելի չառնելու պայմանաւ:

Պօղոս ևուպար Փաշա. Անշուշտ:

Դուրեան Արքեպ. Եւ կարծեմ արդարութիւն եղած կ՚ըլլայ եթէ այղ երկու անդամները ըլլան անոնք, որոնք նախապէս Պատոփրակութեան կանդամակցէին եւ այս նոր կարգադրութեան հետեւանքով դուրսը մնացին:

Տոքթ. Նեւրուզ. Չեմ հասկնար, թէ երբ Հանրապետութեան Պատոփրակութիւնը լոկ խորհրդականներով կ՛աշխատի, ինչո՞ւ մեր Պատոփրակութիւնը չորսէն աւելի անդամ ունենայ: Խորհրդական կը հասկնամ. ուզուածին չափ կարելի է սսելցնել. բայց նոր անդամ աւելցնելով դարձեալ խնդիր պիտի ծագի երկու Պատոփրակութեանց միջեւ: Մանաւանդ որ որոշուած էր նոյնիսկ խորհրդականներն ընտրել երկու կողմերու համաձայնութեամբ:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Ամենեփ՚ն, ամենեփ՚ն, բնա՚ւ այդ տեսակ բանի մը չեմ հաւանած: Ինչպէս որ իրենք իրենց խորհրդականները կընտրեն առանց մեզի բան մը հարցնելու, այնպէս ալ մենք իրաւունք ունինք մեր խորհրդականները ընտրելու առանց իրենց հարցնելու: Ես արդէն մեծ զոհողութիւն մը ըրի միայն երեք աշխատակից ունենալու հաւանելով. բայց խորհրդականներու ընտրութխնն ալ անոնց հաւանութեան Ենթարկել, օ՜հ, ո՛չ:

Պ. Ն. Տէր-Ստեփանեան. Դիտել կու տամ, որ Տոքթ. Նեւրուզ մինչդեռ իմ քննադատութիւններոա պատասխանած ատենը ըսաւ, թէ Պ. Ահարոնեան ոեւէ դեր չէ կատարած մեր Պատոփրակութեան անդամներուն եւ անոնց թխին սահմանման մէջ, հիմա կ՚ըսէ, թէ cooptation-ով Պատուիրակութեան անդամներուն յաւելումը նոր դժուարութիւններ առաջ պիտի բերէ Հանրապետութեան Պատոփրակութեան հետ:

Պ. Ա. Չօպանեան. Նոր Պատոփրակութեան կազմութենէն անմիջապէս յետոյ առիթ ունեցայ տեսնելու Պ. Ահարոնեանը: Պատոփրակութեան մէջ չըլլալուս համար խնդալով կատակ մը ըրաւ: Ես ալ իրեն ըսի, որ կ՚երեւայ թէ Հանրապետութեան ապահովութեան համար ատիկա անհրաժեշտ է եղեր: Ասոր վրայ Պ. Ահարոնեան խնդալէ դադրեցաւ եւ հաւաստեց, թէ ինք ո՛չ անձի եւ ո՛չ թիլի մասին պահանջ չէ դրած, ինչպէս անցեալ տարի, այնպէս ալ այս տարի կարծիք մը միայն յայտնած է, թէ Ազգ. Պատոփրակութիւնը երեք անդամ պէտք է ունենայ: Պ. Ահարոնեան աւելցուց, որ ինչպէս անցեալ տարի, Համագումարը չընդունեց իր տեսակէտը եւ երեքի տեղ վեց անդամով Պատոփրակութիւն մը ընտրեց, ու ինք ալ շարունակեց անոր գործակցիլ, Համագումարը այս տարի ալ կրնար ուզածին չափ անդամով ընտրել Պատոփրակութիւնը. ինք իրաւունք չունէր ճնշում մը ընելու: Ասիկա կը պատմեմ պարզապէս ըսելու համար, թէ ամբողջ այս պատմութիւնը ինծի անհասկնալի կը թոփ կոր: Ի նչ տեսակ համաձայնութիւն է աս, որու մասին ամեն մարդ մէկ մէկ պատմութիւն ունի:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Լուծում մը միայն կայ ձեզի համար, սիրելի Պ. Չօպանեան. Դաշնակցական եղէք, եւ ամեն բան կը կարգադրուի:

Ի վերջոյ ներկայացուեցաւ հետեւեալ առաջարկութիւնը.