Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/774

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

«Պատոփրակութեւսն թիլը.- Համագումարը իրաւունք կու տայ Պատուիրակութեան Նախագահին cooptation-ի դրությամբ երկու նոր անդամներ աւելցնել Պատուիրակութեան, երբ պարագաները անհրաժեշտ դարձնեն այդ յաւելումը»:

Այս առաջարկութիւնը քուէի դրուեցաւ 12 պատգամաւորներոլ ներկայութեան, եւ ընդունուեցաւ 5-ի դէմ 7 ձայնով:


3. Փակում Ազգ. Համագումարի

Կտրդացուեցաւ Պ. Ռուբէն Որբերեանի հետեւեալ առաջարկութիւնը.

«Համագումարի վերջին ժողովին, թոյլ տուէք որ առաջարկ բերեմ, իբր ցոյց յարգանքի, որոշել մի օր, երբ Փարիզի պանդուխտ հայեր, գնացին ուխտի այն մենաւոր ու գրեթէ մոռցուած գերեզմանին, ուր կը հանգչի աքսորական մեծ հայրենասէրը Գրիգոր Օտեան: Բէռ Լաշեզի այդ շիրմին շուրջ հաւաքուելով, պիտի յիշուին միասնաբար, բոլոր այն միտքի հսկաներն ու քնարի վարպետները, Զօհրապէն մինչեւ Սիամանթօ, Զարդարեանէն մինչեւ Վարուժան, որ ինկան պարտականութեան փշալից ճամբուն վրայ, աչքերնին կիսաբաց, կարօտովն հայրենի ազատութեանց: Ու Համագումարի կողմէն պսակ մը, եթէ կը զգան հոգիներ, ինչպէս կը հաւատար Օտեան, գերագոյն հրճուանքը պիտի առթէր իր անմխիթար ստուերին, բերելով հաւաստիքը, թէ վերածնած հայրենիքը պիտի չմոռնայ երբեք իր մեծ զաւակները, որ կեանքերնին զոհեցին ազատութեան բագինին վրան:

Ռ. Որբերեան»:

Նախագահ Գաբրիէլ էֆենտի Նորատունկեան յուզումով ոգեկոչեց այս առթիւ մեծանուն ազգային գործիչին, ինչպէս նաեւ անոր ժամանակակից ու գործակից ազգային մեծ դէմքերուն յիշատակը: Այս պատեհութեամբ յիշեց, թէ ասկէ առաջ երկու անգամ այցելած էր Օտեանի շիրմին: Առաջին անգամուն շատ անխնամ գտած էր զայն. երկրորդ անգամուն միայն տեսած էր որ քիչ մը խնամք տարուած է:

Պ. Չօպանեան յայտնեց, թէ Օտեանի շիրիմը խնամուաձ էր Պ. Մինաս Չերազի շնորհիւ:

Նախագահ Գաբրիէլ էֆ. Նորատունկեան առաջարկեց, որ Փարիզի հայ գաղութին ալ հրաւէր ուղղուի այս յարգանքի ուխտագնացութեան համար:

Համագումարին ներկայ անդամները միաձայնութեամբ համամիտ գտնուեցան թէ՛ Պ. Որբերեանի եւ թէ՛ Նորատունկեան էֆենտիի առաջարկութեանց, եւ որոշեցին մերձաւոր օր մը խմբովին Բէռ Լաշէզի գերեզմանատունը Գրիգոր Օտեանի շիրմին շուրջ գտնուիլ:

Կարդացուեցաւ Պ. Դաւիթ-Բէկի հետեւեալ առաջարկութիւնը.

«Համագումարը, իր նիստերը փակելէ առաջ պարտք կը համարէ յայտնել իր խորին շնորհակալութիւններն ու երախտագիտութիւնը Անկախ Հայ Պեւոութեան նեցուկ Հայկական Բանակին սպաներուն եւ զինուորներուն եւ իր հիացումի զգացումները Արեւմտեան Հայաստանի /Կիլիկիոյ/ պանծալի ռազմիկներուն:

Մ. Ս. Դաւիթ-Բէկ»:

Ներկայ 11 պատգամաւորները ծափահարութիւններով համամտութիւն յայտնեցին այս առաջարկութեան:

Համագումարը որոշեց, որ նոյն առթիւ համակրութիւն յայտնուի նաեւ Հանրապետութեան կառավարութեւսն, եւ այդ մասին ուղերձի մը խմբագրութիւնն ու առաքումը յանձնարարեց Դիւանին:

Դարձեալ Համագումարը պաշտօն յանձնեց Դիւանին համակրութեան ուղերձ մը ղրկել Կիլիկիոյ հայ ժողովուրղին:

Ի վերջոյ նախագահ Գաբրիէլ էֆենտի Նորատունկեան ծանոյց, թէ ներկայ նիստով կը փակուի Համագումարին երկրորդ նստաշրջանը, եւ ըսաւ.