Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/775

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նորատունկեան էֆենտի. համագումարի այս երկրորդ նստաշրջանին աշխատութիւնները պատկերացնող ամփոփումը, որուն գլխատր մասերը կարդացուեցան այստեղ եւ վաւերացուեցան, լրացուելով պիտի հրատարակուի եւ պիտի տրոփ ամենուդ, հաղորդելու համար ձեզ ընտրող մարմիններում կամ շրջանակներում: Համագումարն իր առաջին նստաշրջանին ըրաւ ինչ որ կրնար: Իր աշխատութեանց մէկ մասը կը պատկանէր անմիջական կարգադրութեան կարօտ խնդիրներու. մաս մըն ալ ապագայ կարգադրութեանց պէտք ունեցող խնդիրներու: Այս երկրորդ նստաշրջանին Համագումարը տեսաւ, թէ ի՛նչ ձեւով աշխատուեր է այդ վերջին խնդիրներուն հետապնդութեան եւ ի՛նչ արդիւնք գոյւսցեր է: Այդ մասին Համագումարը կարծիքի փոխանակութիւններ ունեցաւ եւ տուաւ այն բոլոր որոշումները, որոնք կը պատշաճէին անոնցմէ իւրաքանչիւրին: Աշխատութեան շատ մեծ հարկ մը կը ծանրանար այս երկրորդ նստաշրջանին Համագումարին վրայ, այն է ազգային համերաշխութեան հարկը: Պէտք էր ներքին համերաշխութիւն ժողովին անդամներուն միջեւ, ինչպէս պէտք էր նաեւ համերաշխութիւն ընդհանուր ժողովուրդին զանազան հատուածներուն միջեւ: Համագումարը չէր կրնար առ այդ ոեւէ կոչում ընել ժողովուրդին եթէ ինք իր մէջ համերաշխ չըլլար: Ուրախ եմ հաստատելու, թէ ներքին անհամածայնութիւնները որոնք գոյութիւն ունէին, կրցաւ հարթեի փոխադարձ գիջողութեամբ, եւ վերջ ի վերջոյ յանգեցաւ միաբանութեան մը, որ անշուշտ արժանի է աճեն շնորհատրութեան ու խնդակցութեան: Ազգին ներկայ դրութեան մէջ շատ վնասակար բան մը պիտի ըլլար եթէ երբեք այս ժողովը ցրուէր անհամերաշխութեան մէջ: Որովհետեւ, իր օրինակին վրայ, ժողովուրդը աւելի պիտի պառակտէլր, մինչդեռ այսօր իր մէջ տիրող միաբանութիւնը թերեա գրգիռ մը դառնայ,- եւ սրտանց կը մաղթենք ասիկա,- որ ժողովուրդն ալ համերաշխութեան նոյն ոգուով հարթէ իր մէջ գոյութիւն ունեցող անհամածայնութիւնները եւ միաբան ու միակամ բոլորուի մեր մանուկ պետութեան շուրջ: Առանց մեր ամենուս գործակցութեան եւ ձեռք-ձեռքի աշխատութեան դժուար թէ կարենանք կենսունակ ու զօրաւոր վիճակ մը ապահովել այդ պետութեան: Չեմ ըսեր, որ համերաշխութիւնը ամեն խնդրի մասին դիւրին է, բայց ինչպէս որ այս ժողովին մէջ նոյնիսկ շատ խոր անհամաձայնութիւններ կարելի եղաւ հարթել ազգին գերագոյն շահերուն համար փոխադարձաբար եղած զիջողութիւններով, պէտք է որ Համագումարի իւրաքանչիւր անդամ իր շրջանակին մէջ աշխատի նոյն ոգին ներշնչելու ժողովուրդին. այդ պարագային ինչ որ անկարելի կը թուէր, դիւրաւ կը հարթուի, ինչպէս արդէն փորձով տեսանք այստեղ: Համագումարն այլեւս ուրիշ դեր չունի: Բաժնուելէ առաջ կրնանք ակնարկ մը նետել այն խնդիրներուն վրայ, որոնց լուծման կը սպասէ հայութիւնը:

  • Նախ ազգին նիւթական բարտքման հարցը կայ: Պէտք է ամեն ջանք ընել, որ

զանազան անկիւններ ցրուած եւ ընդհանրապես նիւթական ու բարոյական շատ աննպաստ կացութեան մը մատնուած տարագիրները փութով վերադառնան հայրենիք, տեղատրոփն, հաստատոփն, ունենան իրենց շէները եւ օժտուին ապրուստի անհրաժեշտ միջոցներով: Դժուար խնդիր: Բայց դարձեալ ազգին ընդհանուր ձեռնտոտւթիւնը եւ միաբան գործակցութիւնը պիտի կրնան իրականացնել զայն: Ասիկա խնդիր մըն է, որուն վրայ պէտք է խորհինք ամէնէն աւելի, որովհետեւ առանց ժողովուրդին արդի տխուր վիճակին բարտքման կարելի չէ, որ բարւոքի մեր պետութեան վիճակը:

  • Երկրորդ խնդիր մը օժանդակ պետութիւն մը գտնելու անհրաժեշտութիւնն է:

Մենք հաւատք ունինք, թէ Պատուիրակութիւնն այս հարցը յարմարագոյն կերպով մը լուծելու համար բոլոր կարելին պիտի ընէ: Օժանդակ պետութեան մեծ կամ փոքր ըլլալուն նայելու չէ. կը բաւէ որ անկեղծ համակրութիւն մը ունենայ մեր ժողովուրդին նկատմամբ եւ մեր պետութեան օժանդակ դառնայ ո՛չ թէ իր սեփական շահուն համար, այլ առաւելապէս մարդասիրական, կարելի է ըսել հայասիրական զգացումներէ թելադրուելով: