Jump to content

Էջ:Հրանտ Մաթեւոսեանը եւ Ընթերցողները, Թորոս Թորանեան.djvu/26

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

աշխարհայեցողութեան համատեքստում: Պատահական չէ գլխաւորապէս այն հիմնաւորմամբ, որ ինչպէս համաշխարհային գրականութեան այլ մեծերի (Բալզակ, Դոստոեւսկի, Քամիւ) եւ Ուիլիըմ Ֆոլքների տիպաբանական առնչակցութեան եզրերը»:

Հեղինակը օրինակներով կը բացատրէ իր մտքերն ու եզրակացութիւններոը, ոճը հեռու պարզ ըլլալէ՝ բայց ի վերջոյ հասկանելի: Սեփական ոճը դժուար կ՛ենթարկուի փոփոխութեան: Բայց Դիանա Համբարձումեանը դարձրած է ու կը մնալ խորունկ ուսումնասիրողը հայ թէ օտար գրականութեանց՝ համակեցութեան բաղդատական արժէքներու եզրայանգմուվ:

՛՛Բաղդատելը՝ չսիրել է՛՛ կ՛ըսեն ֆրանսացիք: Բայց այդ երեւի սիրոյ հարցերուն կ՛առնչուի: Գիտութեան ու բժշկութեան մէջ եւ այլուր՝ բաղդատելը ճիշդ եզրակացութիւնները կը բացայատէ: Նոյն գրականութեան մէջ՝ երբ տարբեր երկիրներու երեխաներուն մօտ նոյն զգացումները կը նկատուին:

Այս քանի մը էջերուն վրայ օրինակներ կը տրուին ամերիկացի գրող Ուիլիըմ Ֆոլքների եւ հայ գրող Հրանտ Մաթեւոսեանի հերոսներու կեանքէն բխող իրողութիւնները՝ երբ Ծմակուտ ապրող հայ երեխան ու Նիւ—Եորք բնակող ամերիկացի երեխան կենաքի նոյն փուլերէն կ՛անցնին, հասնելու համար իրենց սկսբին:

Երբ ՀՀ առաջին նախագահին վարորդը մեզ կը հասցնէր Երեւանի ազգային հրապարակը՝ պարապութիւն մը զգացինք սկիզբը, մուտքին մօտ: Հոս ժամանակ մը կը բարձրանար ազգութիւնը անծանօթ Լենինի արձանը, որուն