բարձունքին հասնիլ կը փորձէր արտասահմանցի հայ ուսանող մը, իր գինով վիճակին մէջ: Ժամանակի ծառայ միլիցիոներներէն երկու հոգի վար առին Կարապետը, եւ փորձեցին տանիլ քաղմաս:
Բացատրեցինք թէ ենթական շատ սիրէր Լենինը, եւ այդ մագլցումով կ՛ուզէր համբուրել ընկեր Լենինի դէմքը: Միլիցոները, մէկը մանաւանդ, ուզեց ազատ թոուլ գինովը, ու ահա միտքիս մէջ սուր խայթ մը ճանկրտեց հայու հոգիս. ՛՛Պրեսթ—Լիթովսքի մէջ չէ՞ր, որ Հայոց դատը կրեց մեծ պարտութիւն՝ երբ Լենինի ձայնը ծանրակշիռ էր: Չէ որ հոն որխէս քարտուղար ներկայութիւն էր հայոց մեծագոյն բանստեղծներէն մէկը՝ Վահանը Տերեանը: Ան ինչպէ՞ս հանդուրժէր այսպէս կոչուած իր ժողովրդի ՛՛պարտութիւնը: Տէրեան զայրոյթով լեցուած Լենինի տեսակէտներուն դէմ, ուստի եւ պայթուն լուստանք մը արձակած ըլլալուն՝ կը ղրկուի Օրէնպուրկ, ուր հիւծուած հասնելով կ՛աւանդէ իր հոգին:
Այսպէս երէկ, այսօր ու միշտ փոքր ժողովուրդները խաղալիք կը դառնան մեծ կոչուածներու ձեռքին:
Օրերու չուն բերաւ 2016 թ.—ի Յունվարի 11—, օր Երկու շաբթի: Այդ օր գործի կը վերադառնային Հայաստանեան շարք մը հիմնարկներու պաշտօնեաները:
Ըսի հանդիպիմ տիկ. Յասմիկ Կարապետեանին, որ տնօրէնուհին է Աւ Իսահակեանի պետական գրադարանին, մէկը, որ մի քանի օգնականներով եւ 200 պաշտօնեաներով կը ղեկավարէ իր մէկ միլիոն գիրք ունեցող այս հիմնարկը, տարւոյն ընթացքին ամիսը գրեթէ գէթ մէկ անգամ