Jump to content

Էջ:Հրանտ Մաթեւոսեանը եւ Ընթերցողները, Թորոս Թորանեան.djvu/32

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Կը տեսնէ՞ք, մէկ նախադասութեան մէջ որքա՛ն սորուելիք կայ...

Եւ այս բաղդատական վերլուծումներով, բազմաթիւ օրինակներով ժամանակակիցներու եւ անցելասոյզներու տուած օրինակներով՝ կը համեմէ իր մտածումները, ընթերցողներումտածումները բեւեռելով իր տեսութեանց վրայ:

Քալանթարեանը կը յայտնէ.

«Ի հարկէ ժամանակակից գրագիտական մեթոդները որոշակի սուբեկտիւիզմ են պարունակում, ինչ—որ տեղ անտեսում են փորձն ու կուտակուած գիտելիքները, եւ շեշտը դնում են բնազդի, ներքնատեսութեան եւ ենթագիտակցութեան վրայ»:

Ան կ՛եզրափակէ.

«Գրականագիտութեան ըմբռնումը յաւերժական փոփոխութեան մէջ է, եւ կայուն է ընդամէնը որոշակի ժամանակահատուածում եւ որոշակի փիլիսոփայութեան շրջանակներում»:

1. ՛՛Միջտեքստայնութիւն՛՛ (կամ՝ ՛՛Ինտեքստայնութիւն՛՛)

«Անտիկ գրականութեան մէջ շրջանառւում էին առասպելների սիւժէները... յաճախ մի հեղինակից անցնում էին միւսին: Ուշագրաւ է, որ է, որ էսքիլէսը իր գրուածքները համարում էր ՛՛Փշրանքներ Հոմերոսի սեղանից՛՛:... Իսկ Քրիստոնէական դարաշրջանի գրականութիւնը ամբողջովին հագեցած է աստուածաշնչեան համեմատութիւններով...:

Միջտեքստային կապերի իրողութիւնը, արտայայտուած մասնակիօրէն, թէ բազմազան ձեւերով, տարբեր