Jump to content

Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/15

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Սրահում երկիւղածութիւն էր։ Կարծէք սրբավայրում էինք։ Ժողովուրդը եկել էր ո՛չ միայն ցուցահանդէս դիտելու՝ այլեւ եկեր էր իր հերոսին, պանդխտութիւնից վերադարձած զաւակին զրկելու ու փայփայելու։

Գառզուն դա զգաց, զզաց որ բոլորից աւելի Հայաստանի ժողովուրդը գիտի իր արուեստագէտին սիրել»:

Վերադարձին Նանը ֆրանսերէնով գիրք մը հեղինակեց Հայաստանի մասին։

Ամէն արձակուրդիս՝ Երեւանի մէջ արտասահմանեան ուսանողի հանգամանքովս երբ Փարիզ կը մեկնէի, Յակոբեանները անպայման քանի մը կապոց լաւաշ կ'ուղարկէին Գառզուներուն։ Գառզուները շատ սիրած էին հայրենական լաւաշը։

Այսպէս բարեկամութիւն կը ստեղծուէր, որմէ օգտուողը կ'ըլլայի մենագրութիւն մը հեղինակելով Գառզուի մասին, գործ՝ զոր քաջալերած էր մեծն Մինասը, զայն գրել սկսած օրերուս։

Այդ գործին յառաջաբանը գողտրատառ ու արծաթահունչ հայերէնով գրած էր ինքը՝ Գառզուն։

«Աշխարհ» հայալեզու օրաթերթին 40-ամեակը կը տօնուէր նկարչական ցուցահանդէսի մը բացումով, ուր մեծ ներկայութիւն էին հայ գեղանկարիչներու գործերը։ Վիճակահանութեան տոմսեր վաճառուեցան ներկաներուն։ Գառզուին հետ կողք-կողքի նստած էինք։ Գառզուն գնած էր տասը տոմս, ես՝ մէկ տոմս։

Յակոբեանէն լիթօ մը ցուցադրուեցաւ։