Այս էջը հաստատված է
«Աստուած իմ, ըսի, Յակոբեանը շատ կը սիրեմ, թող այդ լիթօն տոմսիս համընկնի»:
Այդպէս չըլլա՞յ։ Եղաւ։ Ուրախացողը ես էի։ Իսկ Գառզուի տասը տոմսերը գեղանկար մը բերել չկրցան։
Գառզուն ըսաւ՝ թէ ինծի համար ուրախացած էր։
⁂
Պատահեցաւ այնպէս, որ Պէյրութի մէջ որոշ արուեստասէր հայեր կազմակերպեն Յակոբեանի ցուցահանդէսը մայրաքաղաքի շքեղ մէկ ցուցասրահին մէջ, Միջերկրականի ալիքներուն դէմն ու դէմը, Յակոբեանի իսկ ներկայութեան։
Ամէն ինչ պիտի ընէի՝ Հալէպէն Պէյրութ ճիշդ ժամանակին հասնելու համար այդ ցուցահանդէսին։