Jump to content

Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/18

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

«Քիչ մը չափազանցած ես, չես յիշած` որ քեզի յաճախ յայտնած եմ, շատ չտարածուիլ։ Յետոյ, գրած ես թէ արուեստագէտը իր երկրին դեսպանն է։ Հաճիս, լա՛ւ լսէ զիս։Հազարամեակներէ ի վեր կայ Լիբանանը ու կայ Հայաստանը, բայց հազարամեակներէ ի վեր միայն այսօր Լիբանանը ունի Հայաստանի դեսպան, ու երբ մեր դեսպանը երկու օր ետք յօդուածդ կարդայ պիտի ըսէ, ուրեմն հոս Լիբանանի մէջ դեսպանը ես չեմ, Յակոբեանն է։ Առակս ցուցանէ՝ հաճիս փոխէ այդ նախադասութիւնը»:

Տեղւոյն վրայ փոխեցի զայն՝ Յակոբեանի շրջահայեցութեան, հոգիի զարմանալի ներքնահայեցողութեան, պիտի ըսէի՝ մաքրութեան անսալով։

«Ի՞նչ է կարծիքդ, որ գամ Հայաստան»:

Ան հանդարտ կը պատասխանէր.-

Նման հարցով մի դիմեր ո՛չ միայն ինծի՝ այլեւ ո՛չ ոքի։ Այդ դո՛ւն պիտի որոշես։ Ահա ես եկած եմ, եւ պետութեան կողմէ չեմ հանդիպած որեւէ անախորժութեան։ Եկած եմ ու որոշած երբեւէ չարտագաղթէլ։ Հոս յարգուած նկարիչ մըն եմ։ Արտասահմանի մէջ ի՞նչ պիտի կոչուիմ, ո՞ր երկրի նկարիչը։ Հոս՝ երկրի՛ս նկարիչն եմ, ուրեմն տեղս հոս է։ Ինչպէս Մելգոնեանցի մտերիմ ընկերս Պէյրութի մէջ գրելով պատմուածք մը՝ վերնագրած էր.-

«Վերջին հասցէս Երեւանն է»-... (Ան Գրիգոր Քէշիշեանն էր, Թ.Թ.)։