Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/20

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Մենք երեքս որոշեցիեք գալ Հայաստան։ Գալ վերջնական ու եկանք։

Երբ գիշերը քնացանք հանգիստ առաջին առաւօտը չէի կրնար նստիլ ու այցելութիւն մը չտալ Յակոբեաններուն։

Արդէն հոն էի ծրագիրով մը։ Ծրագիրս յօդուած մը գրելն էր Յակոբ Յակոբեանի մասին, եւ զայդ յայտնեցի տիկին Մարիին ու Նորային որպէս մտածումի խորութիւն ունեցող անձնաւորութիւններու։

«Կը յայտնե՞ս ծրագիրդ»- հարցուց տիկին Մարին, նոյնը կրկնեց դուստրը՝ Նորան։

«Յակոբի մահուանէն ետք առաջին այցելութիւնս է ձեզի։ Ամէն տեղ կը տեսնեմ Յակոբը ամէն սենեակի մէջ, օդին մէջ նոյնիսկ»:

Նորան էր ըսողը.-

«Բայց հայրիկիս վերջին գործը տեսնելու առիթը չունեցաք»։

«Վերջին գործը»- ու անմիջապէս ցատկեցի դէպի արուեստանոցը։

խրոխտ կանգնած էր հեծեալը։ Յակոբ Յակոբեանի վերջին իղձը եղած էր մեր երկիրը տեսնել, զգալ եւ ապրիլ առասպելական Անդրանիկով։

Չարձանանա՞լ, չխորհրդածե՞լ Յակոբեանի գալիքնափառ այս գործին առջեւ։ Օ՜, մտածումներու սաւառնող երամակներ վարպետէն՝ սանձազերծուած։

Արձանացած եմ՝ արձանացած ձիաւորին դիմաց...։

«Առայժմ ծրագիրս մեծ չէ, գրել 6-8 էջնոց յօդուած մը, Յակոբեանի մասին իմ մտորումներս, երկարատեւ բարեկամութենէ մը յամեցող յուշերը, շեշտելով անոր անսահման բարութիւնը,