Այսօր, երբ Լոս Անճելըսի Այնթապի Հայրենակցական Միութեան նախաձեռնութեամբ, դարձած մէկ սիրտ, մէկ հոգի, ինչպէս երէկ ինքնապաշտպանութեան օրերուն յուշերու յանձնուած կը նշենք մեր քաջարի պապերուն սխրագործութիւնները, կ՚ուզենք հաստատել այն իրողութիւնը, որ հոն ուր հայը եղած է միակամ, յաղթած է թուրքին։
Թուրքը կրցած է քանի մը ճանտարմաներով հայ բազմութիւնները քշել դէպի անապատ, միայն ա՛յն ժամանակ, երբ մեր բազմութիւնները եղած են կիներէ ու մանուկներէ բաղկացած։
Թող չըսեն մեզի, որ հայը ոչխարի պէս մորթուած է։ Ո՛չ, խոշոր սուտ մըն է այդ։ Վկայ Վանը, Շապին Գարահիսարը, Հաճընը, Ուրֆան, Մուսա Լեռը, Տէօրթ Եոլը։ Բոլոր այս վայրերուն մէջ անհաւասար կռիւներու առիթով հայը զէնք բարձրացուցած է թուրքին դէմ ու յաղթանակի դրօշ։
Հայը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին գիտցած է նետ ու աղեղ, սուր ու զէնք բարձրացնել յանուն իր ազատութեան։
Յիշեցէք Հայկ Նահապետը, որ վերահաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ, ո՛չ ըսելով Բաբելոնի աւազակապետին։
Բելին ոչ ըսողը Նիւքար իշխանը իր ճակտէն գամեց։
Այդ է սերունդներու պատմութիւնը։
Մեր պատմութիւնը ազատագրական պայքարներու ուլունքաշար մըն է Հայկէն մինչեւ Վարդանանք, Վարդանանքէն մինչեւ Զէյթուն ու Սասուն, Մուշէն մինչեւ Սարդարապատ եւ Սարդարապատէն մինչեւ Պերլին, երբ հայ զինուորը յաղթանակի դրօշը բարձրացուց Ռայխստակի վրայ։
Ռայխստակի վրայ բարձրացած դրօշէն մինչեւ այսօրը տեւող ճամբան կ՚անցնի Ղարաբաղ-Արցախով, ուր մեր գրոհայիններու առջեւէն նախայարձակ ազերիները նապաստակի նման խոյս տուին։
Չմոռնանք մեր հերոսական աւանդավէպը՝ Սասունցի Դաւիթը, որուն թուր Կայծակին շառաչեց Մսրայ Մելիքի դէմ։
Այո՛, մեր ժողովուրդին պատմութիւնը ազատագրական պայքարներու հերոսական պոռթկումներ եղած են Սասնայ Ծռերէն մինչեւ Այնթապի հայոց գոյապայքարի իրապէս հերոսական