Jump to content

Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/51

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Ապրիլ 26, 2008

Զանգը հնչեց դարձեալ, խօսողը յուզուած կ՚երեւէր: Հասկցայ որ Յովհաննէս Գալմաճեանն էր: Քիչ յետոյ խօսեցաւ նաեւ կինը: Միութենական զոյգ մըն էին, ունեցան երեք զաւակ՝ Անդրանիկ, Պարոյր, Սեւակ։ Կարճ խօսեցան, նոր լսած էին, դէպքէն ուղիղ մէկ ամիս յետոյ: Ուրեմն բան մը հասկցա՞ր Հալէպի վիճակէն, ուր մարդիկ հիւանդին մասին մէկ ամիս ետք կը լսեն: Օգտակար զոյգ մըն են: Շնոըհակալութեամբ ընդունեցի իրենց բարեմաղթութիւնները:

Այլ զանգ մը եկաւ Պէյրութէն: Խօսողը Ալիսն էր, ծանօթ գրագէտ Զօհրապ Գիրէջեանի տիկինը։ Նախ կ՚ըսէր թէ նոր լսած է պատահածը, յետոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէր իր ամուսինին գիրքը գրախօսած ըլլալուս համար, «Կամար»ի թիւ 5ին մէջ: Յետոյ կը յայտնէր թէ շփացուցած եմ իր ամուսինը։ Ալիսը հեռախօսը փոխանցեց ամուսնոյն։ Զօհրապը ձայնալարերու գործողութեան մը ենթարկուած էր։ Երբ լսեցի Զօհրապին ձայնը, յուզուողը ես եղայ։ Զոհրապը նոյնպէս շնորհակալութիւն կը յայտնէր գրածս գրախօսականին համար: Ըսի.– Սիրելի Զօհրապ, դուն գիրք մը գրած ես բազմահարիւր Էջերով, ես ընդամէնը քանի մը էջ գրած եմ այդ մասին։

Աւելորդ չէ ըսել, որ Ալիսը քոյրն է Պետրոս Թէրզեանի, տղայ մը որ ազգին նուիրած է իր ամբողջ կեանքը, ըլլալով «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Եւրոպայի գլխաւոր տնօրէնը: Պետրոսը քարիւղի մասնագէտ է եւ Ֆրանսայի մէջ կը հրատարակէ երկու անուն ամսագիր քարիւղի մասնագիտութեան շուրջ։ Ահա մարդիկ, որոնք գիտեն իրենց ուժը տրամադրել ազգին, մէկը գրականութեամբ, միւսը իր մասնագիտութեան մէջ։

Կ՚ուզեմ յիշել տալ նաեւ, որ Պետրոս Թէրզեանը երբ Պէյրութ կը բնակէր, «Երիտասարդ Հայ» պարբերականի ամենախանդավառ մասնակիցներէն էր։

Դարձեալ ընդունեցի այցելութիւնը Մելքոն Շամամեանին, ընկերակցութեամբը՝ Ներսէս Գարամանուկեանին։ Երկար խօսեցանք գաղութը հետաքրքրող հարցերու շուրջ։

Այլ անակնկալ, Զատիկ Գուշեանը շուրջ յիսուն հոգի բերած էր մեզի ՀԵԸ-ի սկաուտներէն։

Անոնց խօսեցայ Սարդարապատի մեր յաղթական կռիւներուն մասին, որ համաժողովրդային գրոհ մըն էր, յաղթանակով պսակուած