Jump to content

Էջ:Քաղաքավարութեան վնասները.djvu/11

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— 8 —

— Թէ գլխու ցաւ ունի՞ք։

— Այո՛։

— Ես ալ ըսի որ երթամ նայիմ անգամ մը Պապիկ աղան, չըսէ թէ մեր տունը եկեր է ու չէ ուզեր քովս գալ։

— Շնորհակալ եմ։

— Ինչպէ՞ս եղաւ, որ գլխու ցաւ ունեցաք։

— Իրաւ որ չեմ գիտեր․․․ ահ չեմ կրնար գլուխս բռնել․․․ կ՚աղաչեմ, վեր գացէ՛ք դուք, ինծի համար անհանգիստ մի՛ ըլլաք․ քիչ մը քնանամ նէ՛ կ՚անցնի։

— Չէ էֆէնտիմ, չէ, քնանալով չանցնիր։ Էնքսէյիդ քէօքը քիչ մը հարտալ պատցնենք. սա հարտալը բերէք․․․։

— Չեմ ուզեր բարեկամ։

— Դուն չիյտես․ սա հարտալը բերէք․․․։

Հարտալը կը բերեն… մօսիօ Բօլ էնքսէյին քէօքը կը դնէ հարտալը։

— Քիչ մըն այլ լիմոն բերէ՛ք։

— Թող մնա ճանըմ։

— Քիչ մը լիմոն բերէ՛ք, հիւանդին խօսքը մտիկ չըլլսուիր։

Լիմոնը կը բերեն և ճակտին վրայ կը կապեն․․․։

— Քիչ մը րօմ բերէ՛ք։

— Րօմը ի՞նչ պիտի ընես։

— Բերէ՛ք քիչ մը րօմ, շուտ եղէք։

— Թող մնայ, քուզում, պապամ, թո՛ղ մնայ պէ, ուո՜ւֆ․․․։