Այս էջը սրբագրված է
— 9 —
— Շուտ ըրէք րօմը բերէ՛ք։
Րօմ կը բերուի։ Մօսիօ Բոլ րօմով կը շփէ Պապիկ աղային գլուխը։
— Անցա՞ւ քիչ մը ցաւը։
— Ոչ։
— Րախը բերէք, րախը․․․ շուտ․․․։
— Չեմ ուզեր, մօսիօ Բոլ ճիյէրս․․․։
— Րախը․․․ կրակին մէջ տաքցուցէք․․․։
— Տաքցուցինք․․․։
— Պապիկ աղա, շոգին քթիդ քաշէ՛։
— Քաշեցի։
— Թեթեւցաւ քի՞չ մը ցաւը։
— Ոչ։
— Ջուր տաքցուցէ՛ք․․․ ոտքերը մէջը դրէ՛ք․․․։
— Չէ ճանըմ․․․
— Ջուր պաղեցուցէք․․․ գլուխը մէջը դրէ՛ք․․․։
— Անցաւ մօսիօ Բոլ, անցաւ․․․
— Չանցնի պիտի տէ ի՞նչ պիտի ընէ, ինծի մօսիօ Բօլ կ՚ըսէն․․․։
— Կեցիր հագուիմ ու վեր երթանք։
— Աղէկ որ եկայ։
— Շնորհակալ եմ։
— Եթէ չի գայի մինչև առտու պիտի քաշէի՞ր այս ցաւը։
— Այո՛։
— Եւ պիտի ըսէիր թէ մօսիօ Բօլը քովս չեկաւ։