— 11 —
Պապիկ աղան խօսք տուած է մէկուն. ժամադիր եղած է մէկու մը հետ։
Թո՛ղ անօթի երթալ ժամադրութեան տեղը՝ կ՚ըսէ քաղաքավարութիւնը։
Պապիկ աղան կը հնազանդի։ Նոյն օրն անօթի կ՚անցունէ և իրիկուան տուն կը դառնայ թեթև տկարութեամբ։
Այս ապաշխարանքին փոխարէն մարդկութիւնն ի՞նչ վաբձատրութիւն կ՚ընէ Պապիկ աղային որ քաղաքավարութեան դէմ չմեղանչելու հասմար օր մը ծոմ պահեց։ Ոչինչ․ ո՞վ իմացաւ Պապիկ աղային այս զոհողութիւնն։ Ոչ ոք։ Բայց, Աստուած չընէ, եթէ փողոցն ուտելով քայլէր՝ որքան խօսքեր պիտի լսուէին…։
— Իմացա՞ք, Պապիկ աղային ըրածը։
— Վաճառականի մը կը վայլէ՞ եղբայր։
— Իր վարկը կոտրեց, մեղք բիացայի վրայ 20000 ոսկւոյ վարկ ունէր։
— Քիչ մը համբերէր թո՛ղ, փաթլամիչ չպիտի ըլլար նա՜․․․։
Թորոս աղան առաւօտուն տունէն կ՚ելնէ բեռնաւորեալ այն յանձնարարութիւններով զորո կինն ընդհանրապէս կ՚ընէ էրկանն և որոնց գործադրութիւնը միմիայն դրամով կ՚ըլլայ։
Թորոս աղա դրամ չունի և սակայն իր տիկնոջ յանձնարարութիւններն կարարելու փափաք ունի։
Դժուարութիւն չկայ Թորոս աղային կացութիւնը գուշակելու։