Jump to content

Էջ:Քաղաքավարութեան վնասները.djvu/15

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— 12 —

Շուկան չգոցած զբօսարան կ՚երթայ, ըստ իր սովորութեան առաւօտեան խահուէն խմելու համար։ Զբօսարանի մէջ կան ուրիշներ ալ որ կը խօսին այլևայլ նիւթոց վրայ։ Թորոս աղան իր սիկառը կը պլորէ և խահուէ մը կ՚ապսպրէ։

— Ա՜հ, Թորոս աղա, կը պոռայ զբօսարանին մէկ անկիւնը նստող մարդուն մէկը, քովս եկուր, քովս եկուր նայինք։

Թորոս աղան մտմտալու բաներ ունի, գոնէ ժամ մը առանձին մնալու պէտք ունի, ուստի քիչ մը կը վարանի բարեկամին հրաւէրն ընդունելու։

— Թորոս աղային խահուէն հոս բերէ՛ք, կը պօռայ Ստեփաննոս աղան (այս է անկիւնը նստողին անունը)։

Թորոս աղան բարեկամին քովը կ՚երթայ, հակառակ իր կամաց, բոլորովին մտադրած։

— Ի՞նչպէս էք Թորոս աղա, ի՞նչպէս ժամանակ կ՚անցունէք, նայինք։

— Սանկ նանկ։

— Գիտէ՞ք մեր վարած կեանքն ինչի կը նմանի, կեցէ՛ք ձեզի պզտիկ առակ մը պատմեմ։

Թորոս աղան կ՚սկսի երկար պատմութիւն մը զոր երբեմն երբեմն կ՚ընդմիջէ Թորոս աղային ուշադիր ունկնդրութիւնը հրաւիրելու համար․ մինչդեռ Թորոս աղան, մտածութեանց մէջ թաղուած, կը խորհի թէ ուր դիմել հարկ է պզտիկ փոխառութիւն մը ընլեու և անով իր տղոց կոշիկ, գլխարկ, «Մայրենի լեզու» գնելու և դպրոցին թոշակը վճարելու համար։