— 13 —
Պատմութեան ընթացքին մէջ Թորոս աղա տասն անգամ ոտքի կ՚ելնէ երթալու համար։ Ստեփաննոս աղան օձիքէն կը բռնէ և թող չտար ըսելով թէ պատմութիւնս հետաքրքրաշարժ է և եզրակացութիւնն սքանչելի։
Վերջապէս երկու ժամ խօսելէն ետքը Ստեփաննոս աղան կը հասնի եզրակացութեան, այսինքն երեսփոխանաց ոմանք ատենաբանութեան աւետեաց երկիրն, և կը կնքէ իր պատմութիւնն ըսելով․ «Ահա մեր վարած կեանքն այս անասունին կեանքին կը նմանի․» և պատմութիւնն լմնցնելուն պէս,
— Ծօ աղայ, սա տօմինօն բեր, կ՚ըսէ։
— Ինծի հրաման տուէք որ երթամ։
— Չէ, չէ, կ՚աղաչեմ բարթի մը տօմինօ խաղանք, կէսունակ՞ս առնենք քարերը թէ քաշենք, քաշելն աղէկ չէ։
— Գործ ունիմ, երթամ պիտի։
— Նստէ՛ պէ մարդ, էնֆիյէ մը քաշէ նայիմ որկէց։
— Ժամանակ չունիմ նստելու, արդէն ուշ ալ մնացի։
— Ծօ՛, սա տօմինօն բեր ըսի, չիմացա՞ր, խո՞ւլ ես ինչ ես։
— Մնաք բարով։
— Թող չեմ տար, այսօր գործի պիտի չերթամ ես, դուն ալ մի երթար ժամանակ կ՚անցնենք հոս։