Էջ:75-55 Թորոս Թորանեան.djvu/25

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հ.Բ.Ը.Մ. - ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ Հ.Բ.Ը.Միութեան Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ համայն անդամակցութեան անունով կ՛ողջունենք սիրելի ու յարգելի Բժիշկ Թորոս Թորանեանի ծննդեան 75 եւ գրական ու ազգային հասարակական գործունէութեան 55 ամեակը:

Սփիւռքահայ մւոաւորականութեան ներդրումր մեծապէս արդիւնաբեր եղած է մեր ազգային հասարակական բնագաւառէն ներս:

Վերջին տասնամեակներուն բժիշկ Թորոս Թորանեան այն քիչերէն եղաւ, որոնք մնացին պատնէշի վրայ: Ան իր անաչառ ու խիզախ գրիչով, հրապարակախօսութիւններով եւ մաաւորական այն գործունեութեամբ մեծապէս սատարեց սփիւռքահայ սերունդներու ազգային պայծառ գոյերթին: Հայօրէն հպարտանալու առիթ ընծայեց բոլորիս: Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդումր ագուցող գլխաւորներէն մին հանդիսացաւ ան:

Այս առթիւ մեր սիրելի Ցոբելեարին կը մաղթենք առողջ ու պայծառ օրեր, որպէսզի շարուանկէ իր ազգանուէր գնահատելի աշխատաանքր: Իր յորղառատ գրչին կը մաղթենք մշտադալար ու անսպառ ճանապարհ:

Յարգանքներով'

ՀԲԸՄ ՀԱՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈԻԹԵԱՆ

Պէյրութ, 11 ՓեՏրուար 2003

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈԻԹԻԻՆ

ՊԱՏԻԻ ԱՐԺԱՆԱԻՈՐԻՆ

Մեծարանքի Ցոբելենական այս հանդիսութիւնր տեղին ու արժան յարգանքի տուրք մըն է, հալէպահայ հանրածանօթ բանաստեղծին, հրապարակգրին, հրապարակախօսին եւ ազգային-հասարակական գործիչ' Տխսր Դոկտ. Թորոս Թորանեանին:

Արդարեւ, 75 ամեայ, բայց միշտ կայտառ ու առոյգ յարգելի Ցոբելեարը, իր կեանքին աւելի քան յիսուն տարիներու ընթացքին' անսակարկ ու օրինակելի նուիրումով ծառայած է հայ մշակոյթին, գիր ու բանին: Եղած է անխոնջ սպասարկուն հայ գրական֊հասարա-

24