Էջ:Armenian classical poetry vol 1.djvu/27

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

— Երդվընամ հաց ւ’ի գինին,
Զաստուած կենդանին,
Զաստուած կենդանին։

ՄԱՆՈՒԿՆ ՈՒ ՋՈՒՐՆ

Այդ վայրի լեռնէդ ի վայր
Ջուրն ի շինուդ մէջն անցանի, հա՜յ,
Թուխ մանուկ մի դուրս ելեր,
Զձեռքն ու զերեսն է լուացեր,
Լուացեր, հա՜յ, լուացեր,
Դարձեր ի ջուրն հարցմունք արեր, հա՜յ,
— Ջո՛ւր, դու ի յո՞ր լեոնէն կու դաս,
Իմ պաղիկ ջրիկ ու անուշիկ, հա՜յ,
— Ես ի յա՛յն լեռնէն կու գամ,
Որ հին ու նոր ձիւնն ի վերան, հա՜յ.
— Ջո՛ւր, դու ի յո՞ր առուն կ’ երթաս,
Իմ պաղիկ ջրիկ ու անուշիկ։
— Ես ալ ի յա՛յն առուն կ’ երթամ,
Որ փունճըն շատ է մանուշկին.
— Ջո՛ւր, դուն ի յո՞ր այդի կ’ երթաս,
Ւմ պաղիկ ջրիկ ու անուշիկ, հա՜յ.
— Ես ի յայն այգին կ’ երթամ,
Որ տէրն ի մէջն է այգէպան, հա՜յ։
— Ջո՛ւր, դուն ի յո՞ր տունկ կու ջըրես,
Իմ պաղիկ ջրիկ ու անուշիկ, հա՜յ.
— Ես զայն տունկըն կու ջըրեմ,
Որ տակըն խո՛տ բերէ գառին, հա՜յ։
— Ջո՛ւր, դուն ի յո՞ր պարտէզ կ’ երթաս,
Իմ պաղիկ ջրիկ ու անուշիկ, հա՜յ։
— Ես ի յա՛յն պարտէզն կ’ երթամ,
Որ հաւք երկնից եղանակեն, հա՜յ։
— Ջո՛ւր, դուն ի յո՞ր աղբիւր կ’ երթաս,
Իմ պաղիկ ջրիկ ու անուշիկ, հա՜յ։
— Ես ի յայն աղբիւրըն կ՛ երթամ,
Որ սիրելին գայ՝ զօվանայ, հա՜յ,
Փութացի՛ր, ե՛լ ընդ առաջ,
Ի գեղ նորին զուարճացիր, հա՜յ։