Jump to content

Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/19

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

շողուն մակերեսէն, հեռաւորութեանց մէջ կոհակաւորուող բարձրութիւններու երանգաւոր կապոյտներէն, առանց թափանցելու անոնց գեղեցկութեան։ Կարծես այդ առանձնութեան ու լռութեան մէջ իմ հոգիս կը թևարախէր և կը սարսռար։ Զանազան կարգի մտածումներ, սարսափ ու զայրոյթ, վաղուան դէպքերու, հաւանական ոճիրներու կանխահոգութիւնը, ինչպէս նաև յաղթանակի յոյսեր, անհաւասար պայքարներու յատակ մոլեռանդութիւն մը, խուճապով կանցնէին մտածումիս մէջէն։ Վախս փարատեցաւ ու քանի մը քայլ առի, պիտի երթայի որոշ կէտ մը... ես ստրուկի աղջիկ չեմ, իմ հոգիս անսովոր յանդգնութիւններ ունի. կարող եմ մեռնել վախէս, բայց երբէք չեմ ընկրկիր ու պիտի երթամ մինչև հոն, ուր պիտի երթայի... քայլերս զիս կը տանեն, իմ հպարտութեան զգացումս թոյլ չի տար, որ նոյնիսկ աննպատակ բանի մը մէջ տեղի տամ վախի զգացումին ներքեւ։

Բլուրին միւս կողը անտեսանելի էր տակաւին, ու կը յառաջանայի գլուխս բարձր բռնած, աչքերս յառած վերջալուսային ամպերու, որոնք կը շարժէին դէպի հիւսիս, ձևափոխուելով, կծկուելով, ընդլայնուելով հետզհետէ...

Յանկարծ տեսայ զինքը. բլուրին միւս կողմէն կը բարձրանար, դարձեալ սե ձիու մը վրայ։ Ինչո՞ւ անմիջապէս չի հեռացայ, ինչո՞ւ կեցայ հոն, բարձունքին վրայ առանձին, մինչ երեկոյեան քամին քմահաճ կերպով կը տարուրերէր գլխարկիս քօղր երեսիս վրայ. ինչո՞ւ զգացի որ դէպ ինձի կուգար, երբ ձիուն առաջին սմբակները աւելի հապճեպով կր թափահարէին զառիվերը և, հողի շեղբեր ցայտելով կը գլտորէին դէպի վար։ Անգիտակից պչրանք մըն էր իմ կողմէս, իմ կանացիութեան բնազդներս էին, որ տիրապետեցին ինձի այդ պահուն, չեմ գիտեր, ճշմարտապէս չեմ գիտեր... Կը յիշեմ միայն, որ զարմանալի, բայց հեշտագին դող մը խռովեց ամբողջ էութիւնս, կընայի դեռ մեկնիլ, բայց այդ մտածումը այլևս բոլորովին խուսափած էր իմ մտքէ... Կարծես զգացումը ունէի, որ մեծ վտանգի մը կր խիզախեմ, ու այդ կը բարձրացնէր իմ տրամադրութիւններրս ու անօրինակ յանգդնութիւնով մը ու հպարտութեամբ կը լեցնէր զիս։

Երբ անիկա հասաւ իմ մօտս, իջաւ անմիջապէս ձիէն ու մեծ յարգանքով և իրենց սովորութիւններուն համեմատ բարևեց զիս։ Նոր վերադարձեր էր, ու իր անյաջող արշաւանքը յոգնած և յուսաբեկ մարդու խոհուն տխրութիւն մը դրած էր դէմքին վրայ։ Իր աչքերը լայնացան ու գորովանքով և հիացումով պարուրեցին զիս։ Ես իմ նայուածքս հեռացուցի իրմէն և սևեռեցի տարտամ կէտի մը