վրայ. արիւնս խուժած էր դէպի գլուխս, և քունքերուս մէջ կզգայի անոր արագ շրջանին հարուածները։
— Այսպիսի խռովեալ օրուան մը մէջ չէ՞ք վախնար մինակ այս ամայութեան մէջ...
— Ո՛չ, ըսի, ես ոչ մէկ բանէ չէմ վախնար։
Հակառակ ինձի ձայնս թշնամական էր ու կարծես ինձի օտար շեշտով կը հնչէր։
— Այլ սակայն մեծ, մեծ անխոհեմութիւն է ձեր ըրածը...
Լռեց ու շուարած մնաց. իմ խոնարհած աչքերս տեսան, որ ձեռքը կը դողգողԷր մտրակին վրայ։
Հեռու էն տեսայ ձեզ,ըսաւ երգի պէս գորովագին և ներդաշնակ ձայնով մը, չէի կարող ձեզ ճանչնալ, բայց զգացի, որ դուք էք...
Դարձեալ լռութիւն. իր դողդողացող և տենդագին մատներուն մէջ մտրակը կը գալարէր խորտակելու աստիճան։
— Ու սիրտս ինձմէ առաջ, ձիէս առաջ դէպի ձեզ սուրաց...
Արիւնի տաք ալիք մը բարձրացաւ դէպի այտերս, դէպի ճակատս... զգացի, որ չափազանց կարմրեցայ. ու խիզախելով ինզինքիս, խիզախելով իրեն, գլուխս բարձրացուցի ու իմ աչքերս համարձակօրէն սևեռեցի իրեն...
— Դուք չէք կարող երևակայել, ըսաւ գրեթէ հապճեպով, թէ ո՜րքան գեղեցիկ էք այս պահուս, որքան խռովիչ կերպով գեղեցիկ...
Ինչպէս բացատրեմ այգ իմ գահաւիժող զգացումներս. կարծես իր ջղագրգիռ մատները հպան իմ սրտիս, և սուր ցաւ մը զգացի, տեսակ մը կսկիծ։ Ամեն ինչ հիմունքէն կը խախտէր իմ մէջս. չէի կարող հասկանալ՝ գոհ եմ թէ դժգոհ... Իրականութեան զգացումը կորսնցուցած էի,ու կարծես մեծ հարուածներով, տապարի բիրտ և բռնաւոր հարուածներով կը բաղխէին իմ հոգւոյս դռներուն։ Գինովի զառանցական տարտամութիւն մը գլխապտոյտ կը պատճառէր ինձի, երբ անիկա կր շարունակէր խօսիլ, բայց կցկտուր բառեր կը հասնէին միայն իմ հասկացողութեանս։
— Ես քու գերիդ եմ... քու ոտքերուդ փոշին, ղուրպա՜ն ըլլամ քեզի... դուն ինձի համար անմատչելի, անկարելի երազ մը եղած ես... քու յիշատակդ ամեն տեղ հետս տարած եմ ու ամեն կնոջ մէջ փնտռած եմ... ես գիտեմ, թէ որքան հեռու եմ քեզմէ, թէ մեր միջև վիհեր կան, բայց ես կըզգամ, թէ ամեն ինչ կարող էի զոհել քեզ համար, ամեն ինչ... նոյն իսկ եթէ ուզէիր...
Ձին յանկարծ քանիցս վրնջեց, ու հովը աւելի արագ անցաւ, ծածկելով դէմքս իմ ծփացող քօղով...
Ի՞նչպէս մեկնեցայ... ի՛նչպէս խուսափեցայ իրմէ, ես ինքս