Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/153

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ձայն չունի, բախտը զայն սեղանաւորութեան կը հրաւիրէ։ Ես վիճաբանելու եւ դիմացինս համոզելու փափաք ունիմ, բախտը կը հրամայէ ինձ որ անտառաբան ըլլամ․ եւ համոզելու պաշտօնն այնպիսի մէկու մը կը յանձնէ որ իւր միտքը բացատրելու անկարող է: Դու գիտութիւններու մէջ կը կարծես առաջ երթալ, բախտն զքեզ բանաստեղծ կ՚ընէ, եւ բախտին շինած բանաստեղծին պէս անճոռնի բան չկայ աշխարհիս երեսը: Արդ այս բախտը, որ քիչ բացառութեամբ միշտ կը հրաւիրէ զմեզ այնպիսի տեղեր ուր չենք ուզեր երթալ, վարժապետութեան կը կանչէ Կարապետն եւ որ 1867ին Իշխաններու ընկերակցութեամբ Պօլիսէն կր մեկնի Զէյթուն երթալու համար: Երբ Հալէպ կը հասնի հիւանդ կ՚իյնայ: Ընկերները զինք հոն թողլով կը շարունակեն իրենց ճանբան: Ամիս մը անկողնոյ մէջ մնալէն ետքը առողջութիւնը կը գտնէ եւ էշ մը առնելով՝ վրան կր հեծնէ ու ճանբայ կ՚ելնէ: Կարապետ Զէյթուն կ՚ուզէ երթալ․ իսկ էշը հոն ուր կանաչ խոտ կայ: Ուր որ իրարմէ տարբեր շահեր կան՝ հոն միաբանութիւնն անկարելի է: Կարապետ մարգագետնի հետ բնաւ գործ չունի․ էշն ալ Զէյթունէն բան չհասկնար ոչ ալ հոն տրվելիք դաստիարակութենէն ուստի անօթի ըլլալով ուղիղ ճանբէն կը խոտորի եւ մարգագետնի մը վրայ կը գտնէ իւր Զէյթունը ուր նստած էին քանի մը չէրքէզներ: Ասոնք այս ինքնահրաւէր աւանակին գալուստը սիրով կ՚ողջունեն եւ տիրոջն ալ կ՚ըսեն թէ «աս էշը մերն է, տես ի՞նչպէս մեզի ճանչցաւ ու եկաւ:» Ի զուր կր ջանայ Կարապետ զիրենք համոզելու համար վկայներու դիմել․ Քրիստոնէին վկայութիւնը ի՞նչ արժէք ունի մանաւանդ երբ էշն ալ համակրութիւն կր յայտնէ չէրքէզներու: Արքատիի սոխակն հոն պատուական ճաշ մը ընելէն ետքը մարգագետնի վրայ կ՚երկնցնէ ոտներն եւ գլուխը կը դարձունէ Կարապետին, որ անօթի ետ կը դառնայ մօտ գիւղ մը երթալով գլխուն ճարը փնտռելու համար: Մօտակայ գեղի մը մէջ ձի մը կը գտնէ եւ անով վերստին կ՚սկսի ուղեւորիլ