Տնօրէնութիւնը ստանձնեց Զամուրճեան: նախ աշակերտներուն սկսաւ սորվեցնել թԷ ի՛նչ դիրք առնելու է մէկն աղօթելու ժամանակ, թէ' ինչ զգաշութեամբ ծռելու եւ գետինը համբուրելու է մէկը գայթակղութեան տեղի չտալու համար, եւ այս ուսումն կամ գիտութիւնը լաւ տպաւորելու համար աշակերտներուն... ծունկերուն մէջ, առաւօտէ մինչեւ երեկոյ այնչափ երկրպագութիւն ընել կուտար որ խեղճերուն բանթալօններուն ծունկերը երկու օրը անգամ մը կը բացվէին: Աշակերտներուն ծնողքը տեսնելով իրաց վիճակը, կաշիի կտոր մը կարեցին բանթալօններուն ծունկերուն վրայ: Աս ալ օգուտ չըրաւ, եւ աշակերտներն սկսան իրենց բանթալօնը վեր առնելով աղօթք ընել: Աս ալ չյաջողեցաւ եւ վերջապէս որոշուեցաւ որ աշակերտներն իրենց բանթալօնը հանեն ել այնպէս աղօթեն: Այս եղանակով քանի մը տարուան մէջ աղօթք ընելու գիտութիւնն անոնց սորվեցունելէն ետքը սկսաւ դասախօսել այն բաներու վրայ զորս չէր գիտեր:—Այո՛, չէր գիտեր, բայց սորվելու մեծ փափաք ունէր: Ինքը ժամանակին յարգը լաւ գիտէր. ինքնիրմէ կ’աշխատէր գիշեր ցերէկ եւ անշուշտ այս անդուլ աշխատութեան շնորհիւն է որ այսօր բաւական լեզուներ գիտէ, կ՚ըսեն: Եթէ այսօր լեզուները խառնելու պէտքն զգացվի՝ կարծենք իրմէ աւելի արժանաւոր եւ յաջողակ մէկը չպիտի կրնան գտնել—:Երբ այդ աշակերտները եկեղեցի կ՚երթային եւ դասուն ետեւը շարվելով երկրպագութիւն ընէին՝ ժողովուրդը կ՚ըսէր. ապրին, ապրին, ի՛նչ ուսումնական տղաներ, եւ Չամուրճեան ինքզինքը փառաւորված կը կարծէր ազգին այսպիսի ծունկ չոքող աշակերտներ հասցնելուն վրայ:
1838ին աղաչվեցաւ Ճեմարան մտնել իբրեւ փորձառու եւ իբրեւ ուսումնապետ: Հոն մտնելուն հետեւեալ օրը ծրագիր մը պատրաստեց եւ սկսաւ գործադրել: Այս ծրագրով աշակերտ մը ինը տարուան մէջ պիտի սորվէր Հայերէն լեզուն այսպէս.