Երեք տարի քերականութիւն.
Երեք տարի ճարտասանութիւն.
Երեր տարի տրամաբանութիւն:
Քերականութիւնն ալ երեք տարիի բաժնեց.
Մասն առաջին՝ բառագիտութիւն.
Մասն երկրորդ՝ զուգադրութիւն.
Մասն երրորդ՝ շարադրութիւն:
Այս քերականութեան վերջին երկու մասերը արժանի չեղան լոյս տեսնելու. բայց առաջինը մեծ, խիստ մեծ ընդունելութիւն գտաւ... նպարավաճառներէն, որոնք յիշեալ քերականութեամբ սորվեցան թէ ինչպէս պանիր կը փաթտըվի թուղթերու մԷջ: Խօսքին ութը մասերուն մէջ զգալի փոփոխութիւններ ըրաւ. Անունին պաշտօնը Մակբայի տուաւ, Մակբայինը Դերարունին, Դերարունին պաշտօնը Շաղկապին, եւ այնպէս վարվելով բարեկարգեց Հայաստանը... Քերականութիւնն ըսել պիտի ուզէի: Վարժարանին առաջադէմ աշակերտները սկսած էին այն քերականութեամբ սխալ խօսելու եւ սխալ գրելու վարժվիլ, երբ անոնցմէ մին անոր սխալները պատուելիին ցոյց տուաւ: Այն օրէն ետքը յիշեալ Քերականութիւնն իբրեւ Վարժութիւն տրվեցաւ աշակերտներուն որ մէջի սխալներն ուղղելով կանոններուն համեմատ գրեն: Պատուելին հոն ալ չկրցաւ երկար ատեն մնալ. վասն զի ճեմարանը գոցվեցաւ:
1846ին լրագրական ասպարէզին դուռը բաց գտնելով ներս մտաւ: Թուղթ մը գտաւ, առաւ եւ վրան Հայաստան գրեց — Քիւրտիստան ըսէ՛, Քիւրտիստան, կը պօռայ Սըր Լէյըրտ — եւ սկսաւ հրատարակել: Հայաստանով սկսաւ Հռովմի գահը գովաբանել, որով քիչ ժամանակի մէջ այնպիսի ջարդ մը տուաւ ընթերցողներուն որ իրմէ զատ Հայաստան կարդացող չմնաց:
1848ին տեսնըվելու բարերախտութիւնն ունեցաւ Ֆէրիէրի կարդինալին հետ որ Հռովմէն հոս ղրկուած էր մոլորեալ եւ հերետիկոս քրիստոնեաները համոզելու որ Ս.