Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/45

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Պապին հողաթափը համբուրեն: Սկսաւ պատմել Տէրոյենց թէ՝ ինչպէս եղեր է որ նաթուրա բառը նաշէրէէն ելած է, թէ՝ բրօչէտէրէ բառը բրօ եւ չէտէրէ բառերէ ծնած է բրօ էրիկն, — իսկ չէտէրէ կնիկն անշուշտ — թէ՝ բուրկաթօրիում բուրկա բառէն կ՚ելնէ — բիւրկաթիՖն ալ մոռնալու չէ — թէ հայերը Քրիստոսի վրայ երկու նաթուրա չեն ճանչնար թէ՝ Հոգւոյն Սրբոյն համար միայն ի հօրէ բրօչետիդ կ՚ըսեն. թէ՝ ի յորդւոյ բրօչէտիդ ըսելը չեն ընդունիր հայերը, թէ՝ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դաւանանքը Հռովմայեցւոց պէս է եւ թէ՝ հայերը Հռովմայ նախագահութիւնը կ՚ընդունին եւ կը փափաքին որ սէր եւ միութխն հաստատեն Հռովմայ աթոռին Հետ: Զամուրճեան՝ Հասունի պէս ափ մը հայ չէր ուզեր արքայութիւն տանիլ, այլ կը փափաքէր որ բոլոր հայերն մէկէն տանի արքայութիւն Հռովմի ճամբով: Սակայն չյաջողեցաւ. եւ եթէ այսօր հայերը դժողք երթան՝ Պատուելին յանդիմանելու իրաւունք չունին:

1857ին սկսաւ Երեւակ անունով տխուր հանդէս մը հրատարակել: Օր չէր անցներ որ հաւն երեք անգամ չխօսէր հոն: Դեւերու գոյութիւնը ուրացողները հերետիկոս կը հռչակվէին, եւ ինք ամէն ճիգ կը թափէր դեւերու գոյութիւնը հաստատել իւր... գոյութեամբը, եւ որ զարմանալին է, դատը միշտ կը վաստկէր: Հռովմայ եկեղեցւոյն դէմ խօսողները ազգին մէջ բողոքականութիւն տարածելու զրպարտութեան կը մատնվէին: Այն ատենները Մասիս, Մանզումէ եւ Մեղու, որք բաժանորդ չէին Երեւակին... կարծիքներուն, անդադար անոր դէմ կը խօսէին: 1864 մարտ 16ին Չամուրճեան ելաւ Մասիսի խմբագրապետին դէմ դատ բացաւ: Այս դատին համառօտ արձանագրութիւնը հոս կը հրատարակենք ի զուարճութիւն մեր ընթերցողներուն:

Սրբազան Պատրիարք.— Դուք երկուքդ ալ Հայաստանեայց եկեղևցւոյ զաւակ ըլլալով ի՞նչ է պատճառն որ քանի մը ատենէ ի վեր ձեր մէջը անհամաձայնութիւն մը կը տիրէ: Տերոյենց.— Ես անոր անձին հետ գործ չունիմ, Սրբազա՛ն: