Իւթիւճեան.—Ես ալ չունիմ:
Տէրոյենց.—Ամեն թերթի մէջ ինծի կ'անպատուէ:
Իւթիւճեան.—Սուտ է,ես բնաւ անպատուած չեմ զինքը. ես ճշմարտութիւնը կը գրեմ. ինքն է որ կ՚անպատուէ զիս դռնամիջեան հերետիկոս անուանելով:
Սրբազան Պատրիարք.—Ինչո՞ւ ատանկ բաներ կը գրես,պատուելի:
Տէրոյենց.—Որովհետեւ Նալբանդեանն ալ դռնամիջեան է, եւ այս Նալբանդեանը համարձակեցաւ օր մը դիւաց գոյութիւնը ուրանալ:
Տ. Ց. Հիւնքեարպէյէնտեան.—Ատկէ բոլոր դռնամիջեաններուն հերետիկոս ըլլալը կը հետե՞ւի:
Տերոյենց.—Չհետեւի՞ր մի եա:
Իւթիւճեան.—Միշտ պապականութիւնը կը պաշտպանէ եւ երբ Հայաստանեայց եկեղևցւոյ դէմ յարձակում տեսնէ՝ ձայն չհաներ:
Տերոյենց.—Հայաստանեայց եկեղեցին պաշտպանութեան պէտք չունի:
Սրբազան Պատրիարք.—Պատուելին ասկէց վերջը Հայաստանեայց եկեղեցին պաշտպանելով այս արատն վրայէն կը ջնջէ:
Տէրոյենց.—Կը պաշտպանեմ.բայց նախ պատիւս տեղը բերէք:
Հիւնքեարպէյէնտեան.—Սակարկութի՞ւն կ՚ընէք պատուելի:
Տէրոյենց.—Ի՞նչ իրաւունքով ինձի եօթանասնամեայ ըսած է Մասիսի մէջ:
Իւթիւճեան.—Եթէ եօթանասնամեայ ըսած ըլլալուս համար հերետիկոս եղած կ՚ըլլամ, բուն տարիքդ զրուցէ, շաբաթ աւուր Մասիսի մէջ հրատարակեմ:
Տէրոյենց.—Միշտ կ՚անպատուէ զիս:
Իւթիւճեան.—Քաւ լիցի. ես խղճի ազատութիւնը կը յարգեմ. եթէ Պատուելին խոստովանի թէ պապական է, այն ատեն բան մը չեմ ըսեր...: