Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/47

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Տերոյենց.—Եկեղեցին չընդունիր խղճի ազատութիւն: Սրբազան Պատրիարք.—Հաշտուեցէք:

Իւթիւճեան.—Ես անոր անձին հետ գործ չունիմ. առէ՛ք Մասիսը եւ հաշտեցուցէք, եթէ կրնաք, Երեւակի հետ:

Սրբազան Պատրիարք.—Ինչ կ՚ըսէ,Պատուելի՛:

Տերոյենց.—Հերետիկոսութիւն չընեն որ ես ալ չգրեմ:

Տէրոյենց Պատուելին Իւթիւճեանի ճակատէն համբուրելով կէս-հաշտութեամբ տուն կը դառնայ: Քանի մը ամիս ետքը այնչափ ջերմ եռանդով կ՚սկսի ջատագովել պապականութիւնն որ Մօնտ անուն անդրալեռնական լրագիրն 1864 դեկտեմբեր 12 թերթին մէջ հետեւեալը կր հրատարակէր.

«Կ. Պոլսոյ, Երեւակ, շաբաթական թերթ մը, չմիացեալ Հայոց ամենէն ներհուն եւ ամենէն լուրջ անձին խմբագրեալ, զանոնք իրենց Հռովմէական եղբայրներէն բաժնող նախապաշարմանց եւ կանխակալ կարծեաց միջնորմը խրամատեց... իւր զէնքերը Հռովմայ զինանշանները կը կրեն...:»

Խոստովանիմ եւ հաւատամ:

Խռովութիւ՜ն ամենեցուն:

Երեւակին երկրպագեսցուք:

Այս է ահա Պատուելիին խմբագրական կեանքը: Իւր շնորհիւ ազգային լրագրական ասպարէզն տղայական եւ անօգուտ վիճաբանութիւններու թատրոն հանդիսացաւ: Երբ Հայ թերթ մը փափաքէր քիչ մը լոյս վառել, Պատուելին կուգար կը փչէր զայն: Մինչեւ այսօր երբ կրօնի խնդիր մը ծագի Պատուելին առանց հրաւէրի սպասելու ասպարէզ կը նետվի եւ նկատելով որ բողոքականութիւնը ազգին մէջ տարածելու ջանքեր կ'ըլլանով սկիզբ կուտայ իւր յօդուածներուն որոնց վերջ կը մաղթենք մեր բոլոր սրտով:

Բայց Պատուելիին աղօթքներն ընդունելի եղած էին. գրեթէ միշտ Ամիրա մը գտնըված էր իրեն ձեռնտու: 1865ին Կարապետ Ամիրա նուիրեց Երուսաղէմին գումար մը որուն տոկոսը, տասը ոսկի օսմանեան, Պատուելիին կը տրվի ի վարձատրութիւն Եկեղեցական Պատմութեան մը զոր պիտի