Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/48

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

գրէ Չամուրճին: Այս աշխատասիրութիւնը դեռ ի լոյս չեկաւ եւ գալու պատճառ մը չունի. վասն զի Պատտմութիւնը գալուն պէս Պատուելիին տասը ոսկին պիտի երթայ: Տարակոյս չկայ թէ կարելի եղածին չափ ընդարձակել պիտի ջանայ Պատուելին այս Պատմութիւնը:

Բաց ի Զօհալ եւ Երեւակ Հանդէսներէն քանի մը գիրքեր գրած ու թարգմանած է: Բասքալայ Խորհուրդածութիւնքն երեւելի տեղ մը բռնած է այսօր թարգմանութիւններու մէջ իւր... սխալներովը: Այս գիրքն աշտարակաշինութեան ժամանակ թարգմանված ըլլալուն պատճառաւ է որ Բասգալին ըսածը սխալ հասկցած է Պատուելին. թէպէտ եւ ինքը կը պնդէ որ շատ հաւատարիմ գտնըված է թարգմանութեանը մէջ, եւ եթէ տեղ տեղ սխալ թարգմանված է՝ պատճառն այն է որ բնագիրն ալ սխալ գրված է: Խորհուրդ գաղտնի ընկերութեանց որ դարձեալ անդրալեռնականութիւն կը հոտի եւ գլխու ցաւ կը պատճառէ: Քաղաքավարութիւն՝ ուսկից բնաւ օգուտ քաղած չեն Երեւակի եւ Զօհալի յօդուածները:

1871ին՝ երեսփոխանական ժողովոյ անդամ ընտրվեցաւ, բայց ինքը մերժեց առարկելով թէ մեղք կը համարէր կիրակի օրերը ազգին բարիք ընելը: Չմոռնանք ըսել թէ՝ Կիրակի օրը աղքատին ողորմութիւն ալ չտար:

Պատուելին իւր սուր յիշողութեան շնորհիւ կրօնի մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ հաւաքած է գլխուն մէջ: Լաւ հեգնել գիտէ: Օր մր Իւսկիւտար Ս. Կարապետ եկեղեցւոյն մէջ տաղտկալի քարոզի մը ունկնդիր ըլլալէն ետքը դուրս ելաւ եկեղեցիէն ըսելով.

«Գաւազանը ասանկ մարդերու ձեռք տալու տեղ կռնակը տալու է»:

Տրամաբանելու մեծ յաջողութիւն ունի. եւ եթէ հաճի օր մը, գոնէ օր մը, արդար դատի մը պաշտպան կանգնիլ ակներեւ պիտի երեւի որ զինքը գերազանցող չկայ այս ճիւղին մէջ: Տիեզերական Պատմութեան ալ օտար չէ, եւ ա-