ռանց ճակատը շփելու ծանօթութիւններ կու տայ այն ամէն անձերու վրայ՝ որոնց գործերը, քանիերորդ դարու մէջ եկած ըլլալը, երբ մեռնիլը, դդումը միսով կամ ձէթով ուտելը, առաւօտները կաթ թէ խահուէ խմելը, շաբաթը քանի անգամ ածիլվիլը, կատու թէ շուն սիրելը կ՛ուզես իմանալ: Ամենէն նշանաւոր հեղինակներուն գործերն ուշի ուշով կարդացած եւ ըղեղին մէկ անկիւնը զետեղած է:
Այն համբաւն որ կը վայելէ եւ որ այնքան կը վայլէ իրեն՝ որքան իւր երկար վերարկուն, շատերու փափաք կը ներշնչէ անգամ մը գոնէ տեսնել այս մարդն որ հրապարակի վրայ այնքան գոռում գոչում կ՛ընէ: Ինչպէս ժամանակով Աղէքսանդր Դիոգինէսն, այնպէս ալ երբեմն Ամիրաները Պատուելին տեսնելու կ՛երթային. եւ երբ առաջարկէին իրեն խնդրէ մեզմէ ինչ որ կ՛ուզես Պատուելին կը պատասխանէր կը խնդրեմ որ դրամ տաք ինծի: Ամիրաներն այս ազատ ու հանճարեղ պատասխանին վրայ հիանալով կը քաջալերէին զինքը ոսկիներով, զորս անձնուիրաբար կ՛առնէր Պատուելին... կիրակի օրերը, եւ այդ գումարներով Հայաստանեայց եկեղեցին կր պաշտպանէր:
Տէր Կարապետեան սովորական կերպով չը նստիր իւր սենեակին պատուհանին առջեւ: Եթէ փողոցը նայիլ հարկ ըլլայ՝ մեզի պէս գլուխը պատուհանէն դուրս չհաներ այլ ոտները: Շատ անգամ զարմացած եմ թէ ի՛նչպէս կրնայ տեսնել ոտներովը, մանաւանդ թէ անոնց վրայ ակնոց ալ չէր դներ: Ոտներուն մէկուն մատներէն անցած է իւր ծխափայտն որ կ՛արգելու իրեն գուլպայ հագնիլը: Եթէ հարկ ըլլայ իրեն յօդուած մը գրել կրօնի վրայ, կ՛երթայ գրասեղանին առջեւ, որուն վրայ միշտ անպակաս է գրիչ, մելան եւ ածուխ. վայրկեան մը կը խորհի եւ կ՛սկսի գրել: Գրութիւնն աւարտելուն պէս կ՛երթայ բազմոցին վրայ կ՛երկննայ եւ գիրք մը առնելով կը կարդայ: Բարեկամ չունի... բացի գիրքերէն՝ որոնց իւրաքանչիւրն իւր տեսակին համեմատ շարած է մատենադարաններուն մէջ: