Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/50

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Պատուելիին վարդապետութիւններն հետեւեալներն ըլլալու են.

Պէտք է մարդերն իրենց խօսքերէն դատել եւ ոչ գործերէն. եւ երբ մէկն ըսէ մեզ թէ ես վաճառական եմ եւ երթայ լեռներն աւազակութիւն ընէ, պարտաւոր ենք զայն իբրեւ պատուաւոր վաճառական յարգել. վասն զի բերանը սրտին թարգմանն է:

Ժամանակին յարմարիլը փոքր մարդերու գործ է, մեծ մարդն այն է՝ որ գիտէ ժամանակն իրեն յարմարցնել. վասն զի հագուստը պարտաւոր է մարդուս յարմարիլ եւ ոչ թէ մարդս հագուստին․

Լաւ է Սրբազան Պապին ոտները համբուրել քան Էջմիածնայ եպիսկոպոսներուն ձեռները.

Ոչ թէ ժամանակն այլ դրամն է որ կը փոխէ ամէն բան.

Երբ ճամբայ մը բռնեցիր շարունակէ զայն եթէ սխալ ալ ըլլայ։

Պատուելին պարզասէր է․․․ հագուստի մասին, սխալ չհասկցուի: Օր մը երբէք մտքէն անցուցած չէ նեղ կօշիկներու մէջ չարչարել իւր ոտները. այնչափ մեծ եւ ընդարձակ են իւր ոտքի ամաններն, որոնց մէկ հատը միայն կրնայ երկու հոգի միանգամայն հագնիլ եւ առանց նեղութիւն իմանալու քայլել: Երկար վերարկու մը կ’առնէ երբեմն իւր վրայ ինչպէս երբեմն վրան սւոաւ ճեմարանի ուսումնապետութեան պաշտօնը... ուրիշ մը եթէ վրայէն քաշէ առնէ վերարկուն՝ ինքը չիմանար: Կեանքին մէջ երբէք փողպատ եւ ողջմտութիւն գործածած չունի. ոչ թէ չունենալուն համար, այլ ինքզինք նեղութեան հպատակ չընելու համար: Բանթալօնն շատ ընդարձակ է հակառակ այն անհիմն զրոյցներուն՝ որովք շատերը կ’ուզեն հաւատացնել թէ՝ իւր եկեղեցական պատմութիւնն աւելի ընդարձակ է:

Չամուրճեան հասակով եւ կզակով երկար, համբաւով եւ քիթով մեծ, գոյնով եւ մազերով ճերմակ, աչքով կապոյտ քաջառողջ մարդ մ՚է: Ճակատն այնքան խորշոմ ունի որ